Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապը վերադարձի ճանապարհին վրայ է դէպի Հռոմ։

Ւր աւարտին հասաւ Քահանայապետական 32-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 32-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Նորին Սրբութիւնը եւ անոր ընկերացող Պատուիրակութիւնը վերադարձի ճանապարհի վրայ են դէպի Հռոմ։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական Ճամբորդութեան վերջին օրը սկիզբ առաւ Թոքիոյի ժամանակացոյցով առաւօտեան 7.10 անց (Հռոմի ժամով 25 նոյեմբերի 23.10 անց), երբ Սրբազան Պապը հրաժեշտ առաւ Թոքիոյի առաքելական նուիրակութեան պալատէն ողջունելով նուիրակութեան անձնակազմն ու նուիրակութեան բարերարները եւ ուղղուելով Թոքիոյի Յիսուսեան Միաբանութեան պատկան՝  1913 թուականին հիմնադրուած Սոֆիա համալսարան։

Սոֆիա համալսարանին մատրան մէջ Սրբազան Պապը մատոյց Սուրբ Պատարագ մասնակցութեամբ Յիսուսեան միաբանութեան իր եղբայրակիցներուն, ապա անոնց հետ կիսեց նախաճաշը հուսկ այցելեց Յիսուսեաններու  վանքի հիւանդ եւ տարեց քահանաները, որմէ ետք այցելեց Սոֆիա համալսարանը իր սրտի պատգամը ուղղելով համալսարանի աշակերտութեան ու անձնակազմին։

Սոֆիա համալսարանին մէջ ունեցած հանդիպումի աւարտին Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ Թոքիոյի միջազգային օդակայան եւ այնտեղ կայացած հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան աւարտին օդանաւ բարձրացաւ վերադարձ կատարելու համար դէպի Հռոմ։

Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան առաքելական 32-րդ ճամբորդութիւնը սկիզբ առած էր անցեալ երեքշաբթի 19 նոյեմբերի երեկոյեան նախ Թայլընտի այցելութեամբ ապա Ճափոնի։ Ճամբորդութիւնը ինչպէս միշտ յատկանշուեցաւ հանդիպումներով, արարողութիւններով, վկայութիւններով, ու յատկապէս Ֆրանչիսկոս Պապին ուղղած յատուկ պատգամներով ուր Ան շեշտը դրաւ  մանուկներու եւ աղքատներու չարաշահումի հարցին վրայ ու ադոմական ռումբերու եւ անոնց սեփականութեան անբարոյականութեան վրայ, քաջալերելով նոր սերունդը ու երիտասարդները  կառուցելու եղբայրութեան մշակոյթին վրայ հիմնուած ապագայ մը։

Նորին Սրբութիւնը այդ երկու երկիրները այցելած էր՝ իրենց հաւատքին մէջ հաստատելու տեղական կաթողիկէ փոքրամաս  հասարակութիւնը ու նաեւ ընդգծելու կեանքի ու արժանապատուութեան պաշտպանութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ յիշեցնելու երկխօսութեան ու կրօններու միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնն ու անոնց դերակատարութիւնը՝ աւելի արդար ու մարդկային իրաւունքը յարգող ապագայի մը կերտումին գործընթացին մէջ։  Ֆրանչիսկոս Պապ այնտեղ եւս վերահաստատեց  «Մարդկային Եղբայրութեան փաստաթուղթին»  վաւերականութիւնը ոչ միայն իսլամ կրօնի այլեւ բոլոր կրօններու համար։

Վերադարձի ճանապարհին վրայ, Ճափոնի օդային տարածքին վրայ անցնելով Նորին Սրբութիւնը հեռագիր ուղղեց Ճափոնի Կայսեր Նարուհիթոյին որուն մէջ գրեց.

«Ճափոնէն մեկնելով, կը նորոգեմ իմ խոր գնահատանքներս ձեռդ Վեհութեան, կայսերական ընտանիքին ու համայն ճափոնի ժողովուրդին, այն ջերմ ընդունելութեան ու առատաձեռն հիւրընկալութեան համար։ Ձեզի կը վստահեցնեմ իմ աղօթքներս ու բոլորիդ վրայ կը հայցեմ աստուածային առատ օրհնութիւններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2019, 07:00