Մարեմեան Աղօթք  Մարեմեան Աղօթք  

17 Նոյեմբերի Մարեմեան աղօթքը. «Սիրոյ եւ ողորմութեան Աւետարանը մեզի յանձնուած թանկարժէք գանձ մըն է»։

Տէրը մեզ կը կոչէ համագործակցելու ու կերտելու պատմութիւնը, իր հետ միասին դառնալով խաղաղութեան գործիչներ ույոյսի վկաները՝ փրկութեան ու յարութեան ապագայի մը հեռանկարով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 17 նոյեմբերին՝ Ֆրանչիսկոս Պապ  իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն ՝ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Ղուկաս աւետարանիչէն քաղուած օրուան հետեւեալ հատուածին վրայ.

Ունկնդրէ լուրը

«Երբ ոմանք կ՚ըսէին տաճարին մասին թէ “զարդարուած է գեղեցիկ քարերով ու նուէրներով”, ըսաւ. «Ասոնք որ կը տեսնէք, օրերը պիտի գան, երբ քար քարի վրայ պիտի չմնայ. ամէնը պիտի քակուի»:

Հարցուցին իրեն. «Վարդապե՛տ, ե՞րբ պիտի ըլլայ ատիկա, եւ ի՞նչ է նշանը՝ թէ այդ բաները պիտի ըլլան»: Ան ալ ըսաւ. «Զգուշացէ՛ք որ չմոլորիք. որովհետեւ շատե՜ր պիտի գան իմ անունովս՝ ըսելով. “Ե՛ս եմ Քրիստոսը, ու ժամանակը մօտեցած է”. ուրեմն մի՛ երթաք անոնց ետեւէն։…. Յիսուս ապա ըսաւ «Ազգ ազգի դէմ պիտի ելլէ, եւ թագաւորութիւն՝ թագաւորութեան դէմ.  տեղ-տեղ մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան, սովեր ու ժանտախտներ. նաեւ երկինքէն սոսկալի բաներ եւ մեծ նշաններ պիտի ըլլան»: Բայց այս բաներէն առաջ՝ իրենց ձեռքերը պիտի բարձրացնեն ձեր վրայ ու հալածեն ձեզ. ժողովարաններու եւ բանտերու պիտի մատնեն, ու թագաւորներու եւ կառավարիչներու առջեւ պիտի տարուիք՝ իմ անունիս համար: …..Բոլորին ատելի պիտի ըլլաք իմ անունիս համար.  բայց մա՛զ մը պիտի չկորսուի ձեր գլուխէն»:

Այս Աւետարանը, ըսաւ Սրբազան Պապը մեզի կը ներկայացնէ ժամանակներու վախճանի մասին Յիսուսին Երուսաղէմի տաճարի դիմաց արտասանած խօսքերը։

Յիսուս Ժամանակներու աւարտը կը ներկայացնէ իրար հակասող  երկու պատկերներով, մէկը ուր կան պատերազմներ, աղէտներ, հալածանքներ ու միւսը ուր Յիսուս կը յայտնէ թէ  «Բոլորին ատելի պիտի ըլլանք իր անունին համար. բայց մա՛զ մը պիտի չկորսուի մեր գլուխէն»: 

Քրիստոսի աշակերտները չեն կրնար վախի ու սարսափի ստրուկները դառնալ, անոնք կանչուած են դիմադրելու չարի կործանիչ ուժին, այն վհատութեամբ թէ անոնց կողքին է Տիրոջ նախախնամական քնքշութիւնը։ Տէրն է արդարեւ որ կ՛առաջնորդէ մեր կեանքը ու գիտէ բոլոր բաներու վախճանը։ Անոր ողորմած հայեացքին տակ ու անոր ձեռքերուն մէջ մեր կեանքը ապահով ու պաշտպանուած է։

Տէրը մեզ կը կոչէ համագործակցելու ու կերտելու պատմութիւնը, իր հետ միասին դառնալով խաղաղութեան գործիչներ ու յոյսի վկաները՝ փրկութեան ու յարութեան ապագայի մը հեռանկարով։

Հաւատքով կարող ենք քալել կնճռոտ ճանապարհներու վրայ, այն վստահութեամբ թէ Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը պիտի յաղթէ չարի ուժերուն, զանոնք հպատակեցնելով Աստուծոյ սիրոյ ուժին։

Եւ այդ ուժին օրինակներն են ժամանակակից բազմաթիւ մարտիրոսներ որոնք հակառակ հալածանքներուն մնացին խաղաղութեան կառչած մարդիկ եւ կիներ, մեզի յանձնելով ժառանգութիւն մը՝ սիրոյ եւ ողորմութեան Աւետարանը,  որ թանկարժէք գանձ մըն է զոր պէտք է պահպանենք, սիրով պատասխանելով ատելութեան, ու ներումով վիրաւորանքին։

Սուրբ Կոյս Մարիամը՝ իր մայրական բարեխօսութեամբ թիկունք կանգնի մեր հաւատքի առօրեայի ընթացքին, պատմութիւնը առաջնորդող Տիրոջ հետքերուն վրայ»

«Աղքատներուն յոյսը երբեք պիտի չի կորսուի»

Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը վերյիշեց թէ երէկ Էքուատորի Ռիոպամպա քաղաքին մէջ Երանելի հռչակուեցաւ Հայր Էմիլիօ Մոսկոզոն նոր Երանելիէն հայցելով որ թիկունք կանգնի մեր հաւատքի ուղեւորութեան ու քրիստոնէական վկայութեան։

Սրբազան Պապը հուսկ նշեց թէ այսօր կը յիշատակուի Աղքատներու համաշխարհային օրը որուն այս տարուայ բնաբանը քաղուած է Սաղմոսերգուէն. «Աղքատներուն յոյսը երբեք պիտի չի կորսուի» ։

Սրբազան Հայրը այդ ուղղութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց աշխարհի բոլոր ժողովրդապետութիւններուն որոնք զօրակցութեան ձեռնարկներ կազմակերպեցին յոյս ներշնչելու նպատակով բոլոր անոնց որոնք կ՛ապրին թշուառութեան մէջ ։ Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բժիշկներուն ու հիւանդապահներուն որոնք այս օրերուն Սուրբ Պետրոսի բուժարանի ներքոյ իրենց ծառայութիւնը մատուցեցին հուսկ յայտարարեց թէ քիչ ետք կէսօրուան ճաշը պիտի կիսէ 1500 աղքատներու հետ «վկայելու համար այն ուշադրութիւնը որ երբեք պէտք չէ պակսի այդ մեր եղբայր ու քոյրերուն նկատմամբ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ ողջունեց տարբեր երկիրներէ ու վայրերէ ժամանած ուխտաւորները անոնց մաղթելով բարի կիրակի ու խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2019, 12:15