Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչերը ի նպաստ համերաշխութեան եւ խաղաղութեան։

Հարաւային Սուտանի եւ Պոլիվիայի հանար կոչեր

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 10 նոյեմբերի Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորներուն վերյիշեց թէ երէկ Սպանիայի մէջ Երանելի հռչակուեցաւ Մարիա Էմիլիա Ռիքուլմէ ի Զաղասը մինչ այսօր Փորթուկալի մէջ գոհաբանական սուրբ պատարագ կը մատուցուի Մարտիրոսներու Սուրբ Բարթողոմէոս Ֆէրնանտէսի սրբադասումին համար։

Սրբազան Պապ յատուկէն յիշեց Հարաւային Սուտանի տագնապը քաղաքական գործիչներուն  նորոգելով իր հրաւէրը՝ որպէսզի որոնեն քայլեր, որոնք կը համախմբեն ու կը միացնեն, ու իսկական եղբայրական հոգիով յաղթահարելու հարցերը  որոնք բաժանում կը յառաջացնեն։

«Հարաւային Սուտանի ժողովուրդը մեծապէս տառապեցաւ այս վերջին տարներուն ու յոյսով կը սպասէ աւելի լաւ ապագայ մը ու յատկապէս կը սպասէ հակամարտութիւններու վերջնական աւարտը ու մնայուն խաղաղութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը խրախուսելով պատասխանատուները  անյապաղ շարունակելու յանձնառումը ի նպաստ ներառող երկխօսութեան ու ազգին բարիքին»։

Նորին Սրբութիւնը մաղթանք յայտնեց նաեւ որ միջազգային հասարակութիւնը չի զլանայ ընկերանալու Հարաւային Սուտանի ազգային հրաշութեան ուղեւորութեան։

Բոլորդ թը հրաւիրեմ աղօթելու այդ երկրին համար որուն նկատմամբ ունիմ յատուկ հոգատարութիւն ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով ներկաները միասին աղօթել Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթքը, ապա հաւատացեալներուն աղօթքին յանձնեց նաեւ Պոլիվիան, հրաւէր ուղղելով բոլոր Պոլիվիացիներուն կառուցողական եւ խաղաղ մթնոլորտի մէջ սպասելու ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերատեսութիւնը։

Քահանայապետը հուսկ յիշեց թէ այսօր Իտալիոյ մէջ կը յիշատակուի հողին ու աշխատանքին համար շնորհակալութեան ազգային օրը, զօրակցութիւն յայտնելով իտալացի եպիսկոպոսներու կոչին՝ որուն մէջ անոնք կ՛ընդգծեն  հացի ու աշխատանքի միջեւ կապը ու մաղթանք յայտնելով այդ ուղղութեամբ արի քաղաքական որոշումներու ձեռքբերումներու, որոնք ի միտ ունենան մարդուն արժանապատուութիւնն ու զօրակցութիւնը ու կանխարգիլեն կաշառակերութեան սպառնալիքները։        

Քահանայապետը ողջունեց հուսկ հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու խումբը եւ հրաժեշտ առաւ բոլորէն մաղթելով բարի կիրակի եւ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/11/2019, 12:07