Ֆրանչիսկոս Պապ բնիկ ժողովուրդներու հետ: Ֆրանչիսկոս Պապ բնիկ ժողովուրդներու հետ: 

Ֆրանչիսկոս Պապ սկիզբ տուաւ Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած եպիսկոպոսներու սինոդի աշխատանքներուն:

Զգուշութեամբ մօտենալ բնիկ ժողովուրդներուն: Հեզութեամբ ունկնդրել եւ քաջութեամբ խօսիլ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 7 հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ սկիզբ տուաւ ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած «Նոր ուղիներ Եկեղեցւոյ  եւ համապարփակ բնապահպանութեան համար» նիւթով եպիսկոպոսներուն սինոդին:

Ունկնդրէ լուրը

Այս Առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ Սրբազան Հայրը եպիսկոպոսներուն նկատել տուաւ որ ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած սինոդը, խորհրդարանական նիստ մը չէ այլ  առիթ է ՝ խոկալու,  հեզութեամբ ունկնդրելու եւ քաջութեամբ զրուցելու:

Նորին Սրբութիւնը  յանձնարարեց  զգուշութեամբ մօտենալ Ամազոնի ժողովուրդներուն,  յարգել  անոնց պատմութիւնը,  մշակոյթը, ապրելաձեւն ու անոնց կեանքի բանաստեղծութիւնը:  Ան  զզուացուց եպիսկոպոսները,  որ հեռու մնան այն  ընկերային զարգացումի ծրագիրներէն, որոնք անցեալին ամազոնեան տարածաշրջանը առաջնորդեցին շահագործումի եւ անտառահատումի:  

Ի վերջոյ Սրբազան Հայրը յորդորեց եպիսկոպոսները, որ ունենան միսիոնարներու եւ առաքեալներու սիրտեր, յարգելով ինքնիշան ժողովուրդի մը իրականութիւնը:

   

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2019, 12:47