Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը միսիոներութեան հոկտեմբեր ամսուան բացման արարողութեան ընթացքին:

Միսիոներութեան դերակատարը Սուրբ Հոգին: է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 1 հոկտեմբերին, երեկոյեան, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ նախագահեց Ժամերգութեան աղօթքին, որուն ընթացքին բացումը կատարեց միսիոներութեան նուիրուած հոկտեմբեր ամսուան:

Ունկնդրէ լուրը

Ժամերգութեան աղօթքին ներկայ էին Իտալիոյ մէջ հիմնուած միսիոներական հաստութիւններուն մեծաւորներն ու մեծաւորուհիները ինչպէս նաեւ միսիոներական նոր պաշտօն ստանձնող կղերականները եւ կարգ մը աշխարականներ:

Միսիոնարներուն ուղղած սիրտին խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւն անդրադարձաւ  բարի ծառային՝ Յիսուսին առակին: 

.Տէրը ծառաները  կանչեց Իր հարստութիւնները  յանձնելու համար: Աստուած մեզի վստահած է Իր ամէնէն մեծ բարիքներ՝  մեր կեանքը, ուրիշներուն կեանք  եւ իւրաքանչիւրին համար բազմաթիւ պարգեւները: Այս բարիքները, ձիրքերը, գանձանակին մէջ պահպանուելիք բաներ չեն, այլ կոչում է : Տէրը մեզի կը կանչէ ձիրքերը արդիւնաբեր դարձնելու համար՝ քաջութեամբ եւ  ստեղծագործական հոգիով::   ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը   ապա մաղթեց  որ միսիոներական արտակարգ հոկտեմբեր ամիսը խթան հանդիսանայ բարիին մէջ գործօն եւ աշխուժ  բարի միսիոնարներ դառնալու : Նորին Սրբութիւն  ապա ակնարկեց  բարի միսիոնարներ դառնալու յատկութիւններուն:

«Բարի միսիոնարներ կը դառնանք,  ապրելով որպէս վկաներ:  Կեանքի  վկայութեամբ ՝ որ Յիսուսը կը ճանչնանք:, խօսուն կեանք:» 

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը աւարտեց նկատել տալով որ միսիոներական   առաքելութեան դերակատարը  Սուրբ Հոգին: է:  Միսիոնարը  պէտք է   յառաջ երթայ այն վստահութեամբ,  որ Սուրբ Հոգին  իր  կողքին է  եւ Տէրը երբեք զայն մինակ պիտի չթողու:   Միսիոնարը վկայելով,  պիտի բացայայտէ թէ Սուրբ Հոգին զայն կը կանխէ,  իրմէ  առաջ կը հասնի ՝  ճամբան հարթելու համար: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2019, 09:40