Ամազոնեան տարածաշրջանի մասին կազմակերպուած ցուցահանդէս Ամազոնեան տարածաշրջանի մասին կազմակերպուած ցուցահանդէս 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Վատիկանի թանգարաններէն ներս Ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած ցուցահանդէսի բացման առիթով:

ֆրանչիսկոս Պապ կը մաղթէ որ Վատիկանի թանգարանի դուռերը միշտ բաց ըլլան աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն դիմաց, ուր իւրաքանչիւր ժողովուրդ հնարաւորութիւնը ունենայ ընկալելու եկեղեցւոյ նայուածքը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 18 հոկտեմբերին, ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորական պատգամ մը յղեց Վատիկանի թանգարաններէն ներս«Աշխարհի հոգի»  խորագիրով նոր մասնաճիւղի եւ ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած ցուցահանդէսի բացման արարողութեան առիթով:  

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը մաղթանք յայտնած է, որ Վատիկանի թանգարանները միշտ կենդանի բնակարան դառնան եւ բնակուած ըլլան բոլորին կողմէ:  Ան Մաղթած է նաեւ,  որ Վատիկանի թանգարանի դուռերը միշտ բաց գտնուին աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն դիմաց՝ դառնալով վայր մը ուր  բոլոր ներկայացուցիչները հնարաւորութիւնը կ՝ունենան ընկալելու եկեղեցւոյ նայուածքը, եկեղեցի մը որ սահման չունի: գրած է  ֆրանչիսկոս Պապ աւեցնելով «ան որ այդ   տան մէջ  մուտք կը գործէ  թող զգայ որ իրեն եւ իր ժողովրդին մշակոյթին  համար տեղ կայ՝ եւրոպացին, հնդիկը, չինացին,  ամազոնի բնակիչներն ու բոլոր ժողովուրդները:

Նորին Սրբութիւնը ապա նշած  է, որ Վատիկանի թանգարանին մէջ բոլոր ժողովուրդներու արուեստի գործերը արժէքաւոր են ու անոնք  մեծ սիրով ու խնամքով պահպանուած են: Իւրաքանչիւր ժողովուրդ  թանգարանէն ներս պէտք է որ ինքզինք զգայ յատուկ վայրի մը մէջ, երկխօսութեան եւ  ուրիշին հանդէպ բացուածութեան ու հանդիպումի վայրի մը մէջ:

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա գնահատելով Ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած ցուցահանդէսը, շնորհակալութիւն յայտնած  է բոլոր արուեստագէտներուն՝ անոնց կատարած թափանցիկ աշխատանքներուն համար,  ընդգծելով թափանցիկութեան արժէքը նամանաւանդ եկեղեցական հաստատութիւններէն ներս:

Ան ապա նկատել տալով, որ արուեստի աշխատանքները, ժողովուրդներուն հոգիին արտայայտութիւնն են, յորդորած է որ  պէտք է իւրաքանչիւր մշակոյթին եւ ուրիշին սեւեռել բարեացակամ եւ բաց հոգիով: 

«Գեղեցկութիւնը մեզ կը միացնէ :Գեղեցկութիւնը հրաւէր է մարդկային եղբայրութիւնը ապրելու՝ հակազդելով սրտնեղութեան, ազգապաշտ, ցեղապաշտ մշակոյթին: »

Նորին Սրբութիւնը  նշած է նաեւ, թէ վերջերս Վատիկանի թանգարանէն Չինաստան փոխադրուած են կարգ մը արուեստի գործեր: Այդ գործերը անցած են նաեւ մահմետական կարգ մը երկիրներէն: Ան ապա նկատել կու տայ, որ արուեստին շնորհիւ կարելի է իրագործել  բարի ձեռնակներ շրջանցելով պատնէշներն ու հեռաւորութիւնները:     

Ֆրանչիսկոս Պապ  պատգամը աւարտած է  շնորհակալութիւն յայտնելով Ամազոնի մասին կազմակերպուած ցուցահանդէսի համար, դիտել տալով որ ցուցահանդէսը տեղի կ՝ունենայ Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած սինոդի ժամանակ ապա մաղթած է որ սոյն թանգարանը ժամանակի հոլովոյթին պահպանէ իր  յատուկ ինքնութիւնը եւ յիշեցում ըլլայ՝  ազգերու եւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան եւ համերաշխութեան արժանիքին:       

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2019, 16:00