Միսիոներական ամսուան խորհրդանիշ Միսիոներական ամսուան խորհրդանիշ 

Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ միսիոներական հոկտեմբեր ամսուան արարողութիւն:

Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Իտալիոյ մէջ հիմնուած միսիոներական հաստատութիւններուն մեծաւորները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 1 հոկտեմբերին, յետմիջօրէին  ժամը 6,00-ին,  Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ կը նախագահէ ժամերգութեան աղօթքին Միսիոներական հոկտեմբեր ամսուան բացման արարողութեան առթիւ:

Բացման արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Իտալիոյ մէջ հիմնուած միսիոներական հաստատութիւններու մեծաւորներն ու մեծաւորուհիները, ինչպէս նաեւ միսիոներական նոր պաշտօն ստացող միսիոնարները:

Միսիոներական հոկտեմբեր ամսուան բացման արարողութեան ծիրէն ներս նախատեսուած է աղօթք, որուն աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ միսիոներական խաչ պիտի յանձնէ 10 միսիոնարներու, կրօնաւորներու եւ աշխարականներու: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2019, 11:21