Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Կաթողիկէ զինուորական մատրանապետերը Քահանայապետին մօտ:

Քրիստոսին առաքեալները զինուորական աշխարհին մէջ՝ առաքեալներ են նաեւ իւրաքանչիւր մարդու ու անոր հիմնական իրաւունքներուն, անկախ անոր կրօնէն, ցեղէն ու մշակոյթէն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 31 հոկտեմբեր 2019-ի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատին մէջ ընդունեց մարդասիրական միջազգային իրաւասութեամբ Կաթողիկէ զինուորական մատրանապետերու վերապահուած միջազգային 5-րդ դասընթացքի մասնակիցները։

Դասընթացքին գլխաւոր նիւթն է «անձնական ազատութեան զրկումը զինային հակամարտութիւններու ոլորտէն ներս. Զինուորական մատրանապետի առաքելութիւնը»։

Ունկնդրէ լուրը

Ողջունելով ներկաները Քահանայապետը վերյիշեց չորս տարի առաջ նման առիթով մը արտասանած յորդորը որով ան ընդգծած էր հարկաւորութիւնը՝ մերժելու այն փորձութիւնը որ ուրիշին մէջ կը տեսնէ լոկ թշնամի մը եւ ոչ թէ անհատ մը՝ որ ունի արժանապատուութիւն եւ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն։ Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը հաստատած էր թէ «ամէն մէկ անհատի կեանքը անհուն կերպով սուրբ է»։

Նորոգելով վերոնշեալ յորդորը Ֆրանչիսկոս Պապ զայն վերագրեց նաեւ բոլոր անոնց որոնք հակամարտութիւններու ընթացքին կը զրկուին իրենց սեփական ազատութենէն, յաճախ թիրախ դառնալով բռնութիւններուն՝ ու  մարդկային հիմնական իրաւունքներու խախտումներուն։

«Բազմաթիւ քաղաքացիներ  ապա թիրախ են առեւանգումներու, սպանութիւններու ու բռնի անհետացումներու, որոնց շարքին են նաեւ բազմաթիւ կրօնաւորներ ու կրօնաւորուհիներ, որոնց մասին շատոնց ի վեր լուրեր չկան ու կամ իրենց կեանքով վճարեցին իրենց Աստուծոյ նուիրումը ու մարդոց ի նպաստ ծառայութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը իր աղօթքները ապահովեցնելով բոլոր այն անձերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն ու մաղթելով որ անոնք կարողանան յառաջ ընթանալ առանց կորսնցնելու յոյսը։

Քահանայապետը անդրադարձաւ ապա միջազգային մարդասիրական իրաւունքին ու անոր նախատեսած դրութիւններուն, յատկապէս հայող բանտարկեալներու արժանապատուութեան պաշտպանութեան։

«Մարդ անհատի ֆիզիկական ամբողջականութեան ու արժանապատուութեան յարգանքը չի կրնար կախեալ ըլլալ անոր արարքներէն, այլ բարոյական պարտականութիւն է որուն կանչուած է ամէն մէկ անձ եւ ամէն մէկ դատական իշխանութիւն» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով մատրանապետերը իրենց խղճերու կազմաւորումի առաքելութիւնը կատարելու, առանց խնայելու ոչ մի ջանք, որպէսզի մարդասիրական միջազգային իրաւունքը ընկալուի իրենց հովուական ծառայութեան յանձնուած մարդկանց սրտերուն մէջ։

Ձեզ կը յանձնեմ Աւետարանի խօսքերուն «Բանտարկեալ էի եւ այցեցիք զիս» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը նկատել տալով որ Քրիստոսին առաքեալները զինուորական աշխարհին մէջ՝ առաքեալներ են նաեւ իւրաքանչիւր մարդու ու անոր հիմնական իրաւունքներուն, անկախ անոր կրօնէն, ցեղէն ու մշակոյթէն։

Քահանայապետը ակնարկեց հուսկ կանխատեսելիք աշխատանքին որ է դաստիարակչական աշխատանքը, որ «կ՛ամբողջացնէ ընտանիքին ու քրիստոնեայ հասարակութեան կրթութիւնը», ըսաւ Ան, կերտելով անձնաւորութիւններ որոնք բաց ըլլան բարեկամութեան, հասկացողութեան, հանդուրժողութեան, բարութեան ու բոլորին նկատմամբ յարգանքին։

Երիտասարդներ որոնք ուշադիր ըլլան ժողովուրդներու մշակութային ժառանգութեան ու յանձնառու ի նպաստ տիեզերական քաղաքացիութեան մը խթանելու համար մարդկային մեծ ընտանիքի աճումը։

Դուք ըսաւ Սրբազան Պապը մէջբերելով Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի խօսքեր, անոնց մէջն էք որպէսզի այն խօսքերը զոր պատերազմներն ու հակամարտութիւնը կը վիրաւորեն ու կ՛անարգեն, ըլլան իրականութիւն եւ իմաստ տան բազմաթիւ երիտասարդներուն, որոնք որպէս զինուորականներ կը մերժեն որ իրենցմէ խլուին մարդկային ու քրիստոնէական արժէքները։

Խօսքին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց 1949-ի օգոստոսի 12-ին Ժընեւի մէջ ստորագրուած պատերազմի զոհերուն պաշտպանութեան հայող պայմանագիրին։ «Այս 70րդ տարեդարձին առթիւ կ՛ուզեմ վերահաստատել կարեւորութիւնն զոր Սուրբ Աթոռը կու տայ մարդասիրական միջազգային իրաւունքին ու մաղթանք յայտնել որ անոր մէջ պարունակուած կանոնները մշտապէս յարգուին» յարեց Սրբազան Քահանայապետը վստահեցնելով որ Սուրբ Աթոռը պիտի շարունակէ իր սատարը բերել այդ առումով ու խօսքը եզրափակեց բոլոր ներկաներ յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին ու անոնց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2019, 11:47