Ծիսական արարողութիւն Ծիսական արարողութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապին նոյեմբեր 2019 - Յունուար 2020 շրջանին գլխաւորած արարողութիւններու օրակարգը։

Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններու արարողապետ գերապայծառ Կուիտօ Մարինի հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Պապին Նոյեմբեր 2019- Յունուար 2020 շրջանին գլխաւորելիք արարողութիւններու օրակարգը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 28 հոկտեմբեր 2019-ին Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններու արարողապետ գերապայծառ Կուիտօ Մարինի հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Պապին Նոյեմբեր 2019- Յունուար 2020 շրջանին գլխաւորելիք արարողութիւններու օրակարգը, որ սկիզբ կ՛առնէ 4 նոյեմբեր 2019-ին, Քահանայապետին Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ մատուցած Սուրբ պատարագով, ի յիշատակ տարւոյն ընթացքին վախճանած կարդինալներուն ու եպիսկոպոսներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 17 նոյեմբերին կը յիշատակուի աղքատներու համաշխարհային օրը, որուն առթիւ Նորին Սրբութիւնը Վատիկանեան Պազիլիքային մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ պատարագը, հուսկ 19 նոյեմբերէն մինչեւ 26 նոյեմբեր առաքելական ճամբորդութեամբ կը մեկնի Թայլընտ եւ Ճափոն։

2019-ի Դեկտեմբեր ամսուայ յայտագիրը սկիզբ կ՛առնէ 8 դեկտեմբերին Անարատ Յղութեան տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Պապին Հռոմի Սպանիա հրապարակ տուած աւանդական այցելութեամբ, 8 դեկտեմբերի յետմիջօրէին, ու հրապարակի վրայ Անարատ Յղութեան Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրուած արձանի ոտքին կատարած աղօթքով։

Հինգշաբթի 12  դեկտեմբերին կը տօնախմբուի Կուատալուփի Տիրամօր տօնը, Նորին Սրբութիւնը, երեկոյեան, Սուրբ Պետրոսի մէջ պատարագ կը մատուցէ Լատին Ամերիկայի դիտաւորութեան։

2019-ի Սուրբ Ծննդեան տօներու արարողութիւններու յայտագիրը կը սկսի 24 դեկտեմբերի երեկոյեան 21.30-ին. Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Յիսուս Սուրբ Ծննդեան տօնի առթիւ մատուցած ճրագալոյցի սուրբ պատարագով, իսկ երկրորդ օրը՝ 25 դեկտեմբերին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ ծննդեան տօնին օրը, Ան սովորութեան համաձայն Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն համայն աշխարհին կ՛ուղղէ իր պատգամը ու իր «Ուրպի Էթ Օրպի» առաքելական օրհնութիւնը։

Երեքշաբթի 31 դեկտեմբերին, տարուան վերջին օր,ը Սուրբ Պետրոսի մէջ նախատեսուած է գոհաբանական աղօթք գլխաւորութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապին,  մինչ երկրորդ օրը՝ 1 Յունուար 2020-ին կը յիշատակուի Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր նուիրուած ծիսական տօնը, որ է նաեւ Խաղաղութեան Համաշխարհային 33-րդ օրը։

Սրբազան Հայրը նոր տարին կը սկսի Վատիկանեան Պազիլիքային մէջ մատուցած Սուրբ պատարագով, հուսկ 6 յունուար 2020-ին միշտ Սուրբ Պետրոսի մէջ կայացած ծիսակատարութեամբ կը տօնուի մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յայտնութեան տօնը ու կիրակի 12 Յունուար 2020, Յայտնութեան տօնին յաջորդող առաջին կիրակին, Քահանայապետը՝ Վատիկանի թանգարաններու աշխարհահռչակ Սիքստինեան մատրան մէջ, մի քանի նորածին մանուկներուն կը մատակարարէ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2019, 12:07