Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսներու Փուեպլայի մէջ գումարուած Գ համաժողովին 40-րդ տարեդարձը։ Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսներու Փուեպլայի մէջ գումարուած Գ համաժողովին 40-րդ տարեդարձը։  

Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսներու Փուեպլայի մէջ գումարուած Գ համաժողովին 40-րդ տարեդարձը։

Քահանայապետը գնահատեց 40-րդ տարեդարձի առթիւ համաժողովի գումարումը ոչ միայն անցեալի յիշատակներով այլեւ եկեղեցւոյ կեանքի ապագայի հեռանկարով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 3 հոկտեմբեր 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսներու Փուեպլայի մէջ գումարած Գ համաժողովին 40-րդ տարեդարձին առթիւ Հռոմի մէջ կայացած գիտաժողովին մասնակիցները եւ անոնց ուղղած իր խօսին մէջ անոնց ներկայացնելով իր անձնական յիշատակները շեշտը դրաւ երեք կարեւոր իրողութիւններու վրայ, որոնք, ըսաւ ան, ուղեցոյց հանդիսացան վերոնշեալ համաժողովին։

Ունկնդրէ լուրը

Առաջինը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Ճամբորդութիւնը Մեքսիքօ որուն ծիրէն ներս Ան բացումը կատարեց այդ համաժողովին։

Երկրորդ՝ Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետի «Evangelii nuntiandi» յորդորագիրը, որ կազմեց համաժողովի իրականացման հիմնական ուղեգիծը եւ երրորդ՝ Մետելլինի մէջ գումարուած Բ համաժողովը  մեկնակէտ նկատելը, «որուն բերումով Փուեպլայի մէջ նոր  քայլ մը առինք Լատին Ամերիկայի եկեղեցւոյ ուղեւորութեան ծիրէն ներս», ըսաւ Սրբազան Պապը ապա ակնարկեց այդ համաժողովէն բխած նորութիւններուն, որոնց շարքին ի մէջ այլոց նշեց՝  Լատին Ամերիկայի պատմական ինքնաճանաչումը, նոր եկեղեցաբանութեան մը ստեղծումը, ապա խորաթափանց մարիամաբանութիւն եւ ասոնց կից նաեւ համագումարի յառաջացուցած քննադատութիւնները այդ ժամանակուայ մարդկային իրաւունքի ու ազատութեան ճանաչումի պակասի բերումով, ինչպէս նաեւ երիտասարդներու, աղքատներու եւ ընկերութիւնը կառուցողներու համար հնարաւորութիւններ  ստեղծելու կարեւորութիւնը։

Քահանայապետը խօսքը աւարտեց գնահատելով 40-րդ տարեդարձի առթիւ համաժողովի գումարումը ոչ միայն անցեալի յիշատակներով այլեւ եկեղեցւոյ կեանքի ապագայի հեռանկարով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2019, 11:16