1572169074505.JPG

Ամազոնի Սիւնհոդոսի եզրափակիչ Սուրբ պատարագ Վատիկանի մէջ։

Շատեր վկայեցին որ կարելի է իրականութեան նայիլ տարբեր աչքերով, ապրելով արարչութիւնը ոչ որպէս շահագործումի միջոց, այլ որպէս պահպանուելիք տուն մը, վստահելով Աստուծոյ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 27 հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ գլխաւորեց Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի եզրափակիչ սուրբ պատարագը որուն ընթացքին երևակայացուցած յաւուր պատշաճի քարոզը կեդրոնացուց օրուան սորբ գրային ընթերցումներուն վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

«Աստուծոյ խօսքը այսօր մեզ կ՛օգնէ աղօթելու երեք անձնաւորութիւններու շնորհիւ. Յիսուսի առակին մէջ կ՛աղօթեն փարիսեցի ու մաքսաւոր մը, մինչ ընթերցուածը կը խօսի աղքատի աղօթքի մասին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու շարունակեց. «Փարիսեցիին աղօթքը կը սկսի այսպէս «Ատուած իմ շնորհակալ եմ քեզի»։ Գեղեցիկ սկիզբ մը, «որովհետեւ ամենալաւ աղօթքը գոհաբանական ու փառաբանական աղօթքն է» յարեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով աղօթքի երկրորդ հատուածին որուն մէջ Փարիսեցին շնորհակալ կ՛ըլլայ Աստուծոյ՝ որովհետեւ նման չէ ուրիշ մարդոց, ու  բացատրելով թէ ինք ծոմ կը պահէ, ողորմութիւն կը կատարէ ու բոլոր օրէնքները կը յարգէ։

 «Ան կը մոռնայ ամենամեծ օրէնքը՝ Սիրել Աստուած ու ընկերը» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ, որովհետեւ ան սիրոյ պակասը ունի ու առանց սիրոյ նոյնիսկ ամենալաւ բաները ոչ մէկ բանի կը ծառայեն, ինչպէս կը յիշեցնէ Սուրբ Պօղոսը։

Փարիսեցին Տիրոջմէ ոչ մի բան կը հայցէ որովհետեւ ինքզինք պարտական չի զգար…ան կը գործադրէ «Ես»ի կրօնը ու զԱստուած մոռնալէ ետք կը մոռնայ նաեւ մերձաւորը, առ աւելին զայն կ՛արհամարհէ։

«Քանիցս մենք եւս այս մէկը կը նշմարենք կեանքի ու պատմութեան մէջ» հարց տուաւ Քահանայապետը։ Քանի անգամներ ան որ Փարիսեցիին նման առջեւ կանգնած է պատեր կը բարձրացնէ տարածքները ու հերաւորութիւն ստեղծելու համար եւ ուրիշները մնացորդաց համարելու համար։ Այսպէսով կ՛արհամարհուին անոնց աւանդութիւնները կը ջնջուին անոնց պատմութիւնները, կ՛արշաւուին անոնց հողերը ու կը չարաշահուին անոնց բարիքները։

«Քանի՞ ենթադրեալ գերակայութիւններ, կը վերածուին ճնշումի և շահագործման, նոյնիսկ այսօր» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով որ այս մէկը ակնյայտ է նաեւ Ամազոնիայի յօշոտուած դիմագիծին մէջ:

«Եսի կրօնը կը շարունակուի, իր կեղծաւորութեան ծէսերով ու իր «աղօթքներով» որ կը մոռնայ իսկական Աստուածապաշտութիւնը,  որուն ճանապարհը կ՛անցնի ուրիշի սիրոյ ճանապարհէն» դիտել տուաւ Քահանայապետը ակնարկելով թէ  «Շատ մը քրիստոնեաներ եւս  հպատակ են այոյ-ի կրօնին» ու հրաւիրեց աղօթել հայցելով շնորհքը մենք մեզ ուրիշներու վրայ չի գերադասելու…

«Յիսուսէն խնդրենք որ մեզ բժշկէ չարախօսութիւններէն եւ ուրիշները արհամարհելէն որոնք Աստուծոյ հաճելի իրողութիւններ չեն» ըսաւ Սրբազան Պապը ապա խօսեցաւ Մաքսաւորի աղօթքի մասին, որ, ըսաւ Ան, մեզ կ՛օգնէ հասկնալու թէ ի՞նչն է հաճելին Աստուծոյ։

Մաքսաւորը ինքզինք չի գովեր այլ կը խօսի իր դերութիւններու մասին, չ՛ակնարկեր իր հարստութիւններուն, այլ իր աղքատութեան…Ան ինքզինք կը ճանչնայ աղքատ Աստուծոյ առջեւ ու Տէրը կը լսէ անոր աղօթքը որ կ՛եզրակացուի այսպէս «Ան համարձակութիւնը չունէր ոչ իսկ իր աչքերը բարձրացնելու երկինք, որովհետեւ ինք աւելի փոքր է Երկնքէն»։

Մաքսաւորը ապա իր կուրծքը կը բախէ, անոր աղօթքը կը ծնի սրտէն, թափանցիկ աղօթք է այդ ու աղօթել կը նշանակէ թոյլ տալ որ Աստուած նայի մեր ներսը։

«Արդարեւ Սատանայէն կու գան սուտերը մինչ Աստուծմէ լոյս ու ճշմարտութիւն կը բխի» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը ուղղելով սիւնհոդոսական հայրերուն շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց անկեղծ բանակցութիւններուն համար։

Ան ապա շարունակեց «Այսօր նայելով մաքսաւորին կը հասկնանք թէ որտեղէն պէտք է մեկնիլ. Մենք մեզ պէտք է զգանք փրկութեան կարիքաւորներ, բոլորս։ Այս մէկը առաջին քայլն է Աստուծոյ կրօնին, որ ողորմութիւն է հանդէպ անոր որ ինքզինք անարժան կը ճանչնայ։ Մինչ ամէն մէկ հոգեւոր սխալի արմատը կը կայանայ մենք մեզ արդար նկատելու մէջ։

Եթէ մենք նայինք մեր ներքին իրականութեան այնտեղ կը գտնենք փարիսեցին ու մաքսաւորը։ Որովհետեւ մենք մաքսաւոր ենք մեր մեղաւոր ըլլալուն համար ու փարիսեցի ենք մեր սնապարծութեան համար, ու կարող ենք միշտ մենք մեզ արդարացնել։

Հայցենք Աստուծմէ շնորհքը մենք մեզ զգալու ողորմութեան կարիքաւորներ ու ասոր համար մեզի բարիք է յաճախել աղքատները յիշելու համար որ մենք ալ աղքատներ ենք ու յիշելու նաեւ որ միայն ներքին աղքատութեան մթնոլորտի մէջ է որ կը գործէ Աստուծոյ փրկութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզին վերջին մասը յատկացուց աղքատի աղօթքին հաստատելով որ ինքզինք արդար նկատող մարդուն աղօթքը կը չաչախուի եսասիրութեան  ծանրութեան տակ, մին չաղքատին աղօթքը կը բարձրանայ շիտակ առ Աստուած։

Աղքատները երկինքի դռնապաններն են, անոնք են որոնք մեր առջեւ կը բանան յաւիտենականութեան դռները, անոնք որ այս կեանքին մէջ տէրեր չեն նկատուած եւ որոնք միայն Աստուծոյ մէջ գտած են իրենց հարստութիւնը։ Անոնք քրիստոնէութեան մարգարէութեան կենդանի պատկերներն են։

Այս սիւնհոդոսի ընթացքին շնորհքը ունեցանք ունկնդրելու աղքատներուն աղաղակը ու խորհրդածելու անոնց անապահով ու դիւրաբեկ կեանքի մասին, որ թիրախ է զարգացման կործանարար ձեւերու։ Շատեր սակայն  վկայեցին որ կարելի է իրականութեան նայիլ տարբեր աչքերով, զայն ընկալելով բաց ձեռքերով ու ապրելով արարչութիւնը ոչ որպէս շահագործումի միջոց այլ որպէս պահպանուելիք տուն մը, վստահելով Աստուծոյ։

«Աղօթենք որպէսզի ընդունինք աղքատներուն աղաղակը մտիկ ընելու շնորհքը։ Մերը ընելով այդ աղաղակը  մեր աղօթքն ալ կը շրջանցէ ամպերը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով քարոզը ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2019, 10:41