Միսիոներական ամիս Միսիոներական ամիս 

«Եղէք ազատութեան եւ ողորմութեան վկաներ» Միսիոներական արտակարգ ամսուայ նուիրուած Քահանայապետական թուիթ։

Քահանայապետը կիրակի 20 հոկտեմբերի առաւօտեան Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ միսիոներական համաշխարհային օրուան նուիրուած սուրբ պատարագ պիտի մատուցէ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ձեզ կը քաջալերեմ Աւետարանի լոյսը տանելու մեր  ժամանակակիցներուն։  Թող որ դուք ըլլաք ազատութեան եւ ողորմութեան վկաները, եղբայրութիւնն ու երկխօսութիւնը գերադասելով բաժանումներուն վրայ։ #MeseMissionarioStraordinario #OttobreMissionario այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հոկտեմբեր ամսուայ միսիոներական արտակարգ ամիսին առթիւ հրապարակած թուիթը որուն մէջ շեշտը դրաւ Աւետարանի տարածումին վրայ ու ազատութեան, ողորմութեան եւ եղբայրութեան վկայութեան վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Յայտնենք թէ հոկտեմբեր ամիսը ընդհանրապէս նուիրուած է միսիոներութեան ու ամսուայ վերջընթեր կիրակին կը յիշատակուի  Միսիոներական Համաշխարհային օրը, որուն այս տարուայ Քահանայապետական պատգամին խորագիրն է «Մկրտեալներ եւ առաքուածներ. Քրիստոսի Եկեղեցին աշխարհի մէջ առաքելութեան մէջ»։

Վերոյիշեալ պատգամին  մէջ  Սրբազան Քահանայապետը  կը շեշտէ որ «Եկեղեցին աշխարհի մէջ  առաքելութեան մէջ է» ու թէ ամէն մկրտուած պէտք է մասնակցի այդ առաքելութեան, բաժնեկցելով ձրիօրէն ընդունած պարգեւները, որովհետեւ եւ ոչ մէկը անիմաստ ու ապարդիւն է Աստուծոյ սիրոյն համար։

Սրբազան Պապը կը հաստատէ նաեւ  որ «Եկեղեցին կարիքը ունի մարդոց եւ կիներու որոնք վեհանձնութեամբ համապատասխանեն իրենց կոչումին»  այս ծիրէն ներս մատնանշելով նաեւ Համա-Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած Սիւնհոդոսին, «ուր կարիքը կայ աւետարանութեան»։

Սրբազան Պապը հուսկ կը մաղթէ որ 2019-ի հոկտեմբերի միսիոներական բացառիկ ամիսը սատարէ Միսիոներական Քահանայապետական հաստատութիւններու ծառայութեան վերանորոգումին։

Նշենք որ Միսիոներական համաշխարհային օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կիրակի 20 հոկտեմբերի առաւօտեան  Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ միսիոներական համաշխարհային օրուան նուիրուած սուրբ պատարագ  պիտի մատուցէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2019, 13:30