Ֆրանչիսկոս Պապին հոկտեմբեր ամսուան առաքելական աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը:

Աղօթենք աշխարհի միսիոնարներուն համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 1 հոկտեմբերին,  «Պապի աղօթքի համաշխարհային ցանց»ը լոյս ընծայեց, ֆրանչիսկոս Պապին հոկտեմբեր ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առնչութեամբ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ «Պապի աղօթքի համաշխարհային ցանց»ը կը նշէ թէ,  Հոկտեմբեր ամսուան Պապի տեսերիզը հասցէագրուած է բոլոր կաթողիկէներուն, որպէսզի վերակենդանացնեն միսիոներական գիտակցութիւնը եւ դիմագրաւեն Յարուցեալ Քրիստոսը հռչակելու մարտահրաւէրը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ,  Պապին աղօթքի այս ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը կապուած է ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հռչակուած  միսիոներական արտակարգ հ ամսուան հետ,  որուն նպատակն է խթանել եկեղեցւոյ՝ ժողովուրդի ի սպաս  աւետարանումի գործունէութիւնները :

«Քահանայապետական Միսիոներական գործեր» բաժանմունքը, ընդառաջելով ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքին, այնպէս մը ըրին որ հոկտեմբեր ամիսը ըլլայ շնորհքի եւ բեղուն ամիս,  խթանելու համար ծրագիրներ եւ յատուկէն բազմապատկել աղօթքի ձեռնակներ,  որ է իւրաքանչիւր առաքելութեան հոգին:

Հոկտեմբեր ամսուան քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ

«Այսօր անհրաժեշտ է նոր խթան մը եկեղեցւոյ միսիոներական աշխատանքներու մէջ՝  դիմագրաւելու համար յարուցեալ Քրիստոսը հռչակելու մարտահրաւէրը:

Հասնիլ արուարձանները, մարդկային միջավայրերը, մշակութային եւ կրօնական միջավայրերը ՝  տակաւին անծանօթ Աւետարանին: Ասոր մէջ կը կայանայ այն ինչ որ կը սահմանենք ժողովուրդին առաքելութիւնը:  

Եւ յիշել, որ եկեղեցւոյ առաքելութեան սիրտը կը կայանայ աղօթքի մէջ:

Այս միսիոներական ամսուան ընթացքին աղօթենք, որպէսզի սուրբ Հոգին յարուցանէ նոր միսիոներական գարուն, բոլոր մկրտեալներուն եւ եկեղեցւոյ կողմէ առաքուածներու համար»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2019, 12:00