Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք. «Տէր աւելցուր մեր հաւատքը»։

Առաքեալները ըսին Տիրոջ. «Աւելցուր մեր հաւատքը»։ Տէր ըսաւ «Եթէ հաւատք ունենաք մանանեխի հատիկի չափ եւ ըսէք այս թթենիին արմատախիլ եղիր եւ գնա տնկուէ ծովուն մէջ, պիտի հնազանդի ձեզի»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 6 հոկտեմբեր 2019-ի կէսօրին, Ամազոնիայի նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի բացման առթիւ Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ գլխաւորած սուրբ պատարագէն ետք,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց կիրակնօրեայ  աւանդական Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին երկայնեցուց խորհրդածութիւն մը որ քաղուած էր Ղուկաս Աւետարանիչէն  (Գլ. 17, 5-10)  ուր աշակերտները Յիսուսէն կը խնդրեն որ աւելցնէ անոնց հաւատքը եւ Յիսուս այդ հաւատքը կը ներկայացնէ երկու պատկերներով, առաջինը՝ մանանեխի հատիկը ու երկրորդը խոնարհ ծառան։

Ունկնդրէ լուրը

Առաքեալները ըսին Տիրոջ. «Աւելցուր մեր հաւատքը»։ Տէրը ըսաւ «Եթէ հաւատք ունենաք մանանեխի հատիկի չափ եւ ըսէք այս թթենիին արմատախիլ եղիր եւ գնա տնկուէ ծովուն մէջ, պիտի հնազանդի ձեզի»։

«Յիսուս այս խօսքերով կ՛ուզէ հասկացնել  որ հաւատքը նոյնիսկ եթէ փոքր է կարող է մեծ ուժ ունենալ, ու նաեւ թէ ոչ մի բան անկարելի է անոր որ հաւատք ունի, որովհետեւ կը վստահի ոչ թէ իր ուժերուն այլ Աստուած վրայ, որ ամէն բանի կարող է»  ըսաւ Քահանայապետը, ու նշեց թէ Յիսուս երկրորդ օրինակին մէջ մեզի դիտել կու տայ թէ  «ի՞նչպէս կարող ենք հասկնալ եթէ մենք իսկապէս հաւատք ունինք» ու կը ներկայացնէ այդ հաւատքին չափանիշը որ է ծառայութիւնը։

Այս կ՛ընէ պատմելով խոնարհ ծառային առակը, որ երբ անոր Տէրը դաշտէն վերադառնայ գօտին կապած կը ծառայէ անոր, առանց որ Տէրը շնորհակալ ըլլայ անոր ըրածին, որովհետեւ ան ըրաւ միայն իրեն  հրամայուած հրահանգները։

Նոյնպէս ալ դուք, կ՛ըսէ Յիսուս, երբ կատարէք այն ինչ որ հրամայուած է ձեզի ըսէք. «Ապիկար ծառաներ ենք, ինչ  որ պարտական էինք ընել ՝ ըրինք»։  

Յիսուս մեզի կ՛ուզէ ըսել թէ հաւատքով մարդը ինքզինք ամբողջութեամբ կը դնէ Աստուծոյ կամքին, առանց հաշիւներ ընելու կամ պահանջեր ներկայացնելու։  Եւ ահա «այդ ծառայութեան մէջ է որ մենք կը գտնենք մեր վարձատրութիւնը։ Ծառայելու ուրախութեան մէջ» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը, շեշտելով որ մենք ապիկար ծառաներ ենք ու այս խոնարհութեան եւ տրամադրութեան արտայայտութիւնը մեծ բարիք կը հասցնէ եկեղեցւոյ ու կը վկայակոչէ ուղիղ վարուելակերպով անոր մէջ գործելու ճանապարհը։

«Տէրը այսօր մեզ կը խրախուսէ քննարկելու մեր հաւատքի կեանքը, որպէսզի տեսնենք եթէ ան կը համապատասխանէ Աստուծոյ ձրիութեան պարգեւին» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը խորհրդածութեան աւարտին,  հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին հովանին, որպէսզի մեզ օգնէ ապրելու մեր հաւատքը խոնարհ եւ հոգատար ծառայի օրինակով։

Մարեմեան աղօթքէն ետք Նորին Սրբութիւնը ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ակնարկելով Սուրբ Պետրոսի մէջ կայացած՝ Համա-ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի բացման արարողութեան, խնդրելով որ երեք շաբաթ տեւող այդ եկեղեցական հաւաքին ընկերանան իրենց աղօթքներով, որպէսզի ան ապրուի եղբայրական հաղորդութեան մէջ ու Սուրբ Հոգիին հպատակութեամբ, «որ միշտ ցոյց կու տայ աւետարանի վկայութեան ճանապարհները» յարեց Նորին Սրբուիւնը, հուսկ ողջոյնի խօսքեր ուղղեց տարբեր շրջաններէ ժամանած ուխտաւորներու ու Մարեմեան Աղօթքը եզրափակեց բարի կիրակի մաղթելով բոլորին ու խնդրելով որ չի մոռնան աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2019, 12:08