Ֆրանչիսկոս Պապ կը պատրաստուի մեկնիլ Մոզամբիկ, Մատակասկար ու Մաուրիցիուս։ Ֆրանչիսկոս Պապ կը պատրաստուի մեկնիլ Մոզամբիկ, Մատակասկար ու Մաուրիցիուս։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ կը պատրաստուի մեկնիլ Մոզամբիկ, Մատակասկար ու Մաուրիցիուս։

2 սեպտեմբերին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացուեցաւ առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

4-10  սեպտեմբեր 2019ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  սկիզբ պիտի տայ Քահանայապետութեան 31-րդ միջազգային ճամբորդութեան որ զինք պիտի առաջնորդէ  Մոզամբիկ, Մատակասկար եւ Մաուրիցիուս։ Այս առընչութեամբ այսօր 2 սեպտեմբերին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը։

Ունկնդրէ լուրը

Վերոնշեալ երկիրներու հետ միասին Նորին Սրբութիւնը այցելած պիտի ըլլայ 49 երկիրներ։ Ճամբորդութիւնը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին ափրիկեան ցամաքամաս կատարած առաքելական չորրորդ այցելութիւնը։

Այս առաջին անգամը չէ որ Քահանայապետ մը կ՛այցելէ վերոնշեալ երկիրները, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը Մոզամբիկը այցելած է 1988-ին ապա Մատակասկարն ու Մաուրիցիուսը 1989-ին։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, 4- 10 սեպտեմբեր 2019-ին առաքելական ճամբորդութեամբ կը մեկնի Մոզամբիկ, Մատակասկար եւ Մաուրիցիուս,  ընկալելով համապատասխան Պետական Ղեկավարներու ու եպիսկոպոսներու հրաւէրը ու նպատակ ունենալով թիկունք կանգնիլ այդ երկիրներու կաթողիկէ համայնքներու հաւատացեալներուն։

Մոզամբիկ այցելութեան նշանաբանն է «Յոյս, խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն», Մատակասկարի նշանաբանը՝ «Յոյս եւ խաղաղութիւն սերմանող», մինչ Մաուրիցիուսի նշանաբանն է «Խաղաղութեան ուխտաւոր»։  

Մոզամբիկի բնակչութիւնը կը հաշուէ շուրջ 27 միլիոն,որու հարիւրէն 50 տոկոսը ափրիկեան աւանդական կրօններու հետեւորդներ են, հարիւրէն 28 տոկոսը կաթողիկէ եւ հարիւրէն 20 տոկոսը մահմետականներ։

Մոզամբիկի կաթողիկէներու թիւը  7.621 հազար է, անոնք ունին եկեղեցական 12 գաւառներ եւ 23 Եպիսկոպոսներ։ Ժողովրդապետութիւններու ընդհանուր թիւը 343 է, ապա կան այլ 1335 ժողովրդապետական կեդրոններ։ Մոզամբիկի մէջ առաքելական ծառայութիւն կը մատուցեն 659 թեմական ու կրօնաւոր քահանաներ ապա կան 89 կրօնաւորներ եւ 1207 կրօնաւորուհիներ։ Կրօնուսոյցներու թիւը 11.564 է ու անոնք մեծ դերակատարութիւն ունին աւետարանի տարածումի քարոզութեան ծիրէն ներս։ Մոզամբիկի եկեղեցին կը մատակարարէ  254 դաստիարակչական կեդրոններ ու 176 բարեսիրական եւ ընկերային հաստատութիւններ։

Մատակասկարի 23 միլիոն  բնակչութեան 34.8 առ հարիւրը կաթողիկէ են։ Մատակասկարի Եկեղեցին կազմուած է 22 Եկեղեցական գաւառներէ ուր կը գործեն 438 ժողովրդապետութիւններ ու այլ 9.010 ժողովրդապետական կեդրոններ։ Եկեղեցին կառավարուած է 22 եպիսկոպոսներէ, ուր իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն 1747 քահանաներ, 735 կրօնաւորներ ու 5009 կրօնաւորուհիներ։ Կաթողիկէ Եկեղեցին կը մատակարարէ 6453 դաստիարակչական կեդրոններ ու 511 բարեգործական հաստատութիւններ։

Մաուրիցիուսի պարագային մէկ միլիոն 311 հազար բնակչութեան միայն 28 տոկոսը կաթողիկէ են ու Եկեղեցին կազմուած է միայն երկու եկեղեցական գաւառներէ ու 44 ժողովրդապետութիւններէ։ Այնտեղ իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն երկու եպիսկոպոսներ, 95 քահանաներ, 17 կրօնաւորներ, 186 կրօնաւորուհիներ որոնց պէտք է աւելցնել 1335 կրօնուսոյցներ։ Եկեղեցին կը մատակարարէ 74 դաստիարակչական կեդրոններ ու այլ 81 ընկերային ու բարեգործական հաստատութիւններ։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/09/2019, 13:43