Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց աղօթել արարչագործութեան պահպանումին եւ իր առաքելական ճամբորդութեան համար։

«Ձեզմէ կը խնդրեմ որ ինծի ընկերանաք աղօթքով, որպէսզի այս հովուական այցելութիւնը ցանկալի պտուղներ պարգեւէ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի մէկ սեպտեմբեր 2019-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յիշեցուց թէ այսօր՝ սեպտեմբեր մէկին կը յիշատակուի Արարչագործութեան ի նպաստ աղօթքի համաշխարհային օրը։ Համամիութենական աղօթք որ կ՛ոգեւորէ իրազեկումն ու յանձնառումը պահպանելու մեր հասարակաց տունը, սկսեալ անձնական ու ընտանեկան աւելի կայուն ապրելակերպէն – ըսաւ Սրաբզան Պապը մատնանշելով որ «այսօրուընէ մինչեւ 4 հոկտեմբեր, Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի տօնին օրը, յարմար ժամանակաշրջան է փառաբանելու Աստուած ու անոր բոլոր արարածները ու հողի աղկաղկին դիմաց ստանձնելու մեր պատասխանատուութիւնը»։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը ողջունեց ապա հրապարակ ժամանած ուխտաւորները ու յատկապէս Ուքրանացի հաւացեալները «որոնք Հռոմ կը գտնուին Ուքրանիայի Յոյն Կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն սիւնհոդոսին առթիւ որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օրերուն» ըսաւ Ան ու ողջոյնի խօսքին աւարտին  յիշեց թէ «յառաջիկայ չորեքշաբթի օր Աստուծոյ կամքով պիտի մեկնի Ափրիկէ այցելելու Մոզամբիկը, Մատակասկարն ու Մաուրիցուսը»։

 «Ձեզմէ կը խնդրեմ որ ինծի  ընկերանաք աղօթքով, որպէսզի այս հովուական այցելութիւնը ցանկալի պտուղներ պարգեւէ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաժեշտ առաւ հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներէն բարի կիրակի մաղթելով բոլորին ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2019, 12:20