Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Արեւելեան եկեղեցիներու իրաւագիտութեան ընկերակցութեան անդամները:

Ընկերակցութիւնը հիմնուած է 50 տարի առաջ Հռոմի մէջ, Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովէն կարճ ժամանակ ետք:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 19 սեպտեմբերին,Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունեց Արեւելեան եկեղեցիներու իրաւագիտութեան ընկերակցութեան անդամները՝ ընկերակցութեան հիմնադրութեան 50 ամեակի առթիւ:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին սկիզբը Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնելով ընկերակցութեան անդամներուն եւ մասնագէտներուն, շնորհաւորեց ընկերակցութեան հիմնադրութեան 50 ամեակը՝ հիմնուած 1969-ին, Հռոմի մէջ՝ Վատիկանեան Տիեզերական ժողովէն կարճ ժամանակ ետք:
Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ ընկերակցութեան հիմնադիր Հայր Իվան Զուցէքին նշելով որ ան անխոնջ աշխատանք տածած է Արեւելեան եկեղեցիներուն կանոնագիրքին համար: Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ընկերակցութեան հիմնադրութեան յոբելեանի առթիւ կազմակերպուած սոյն այցելութեան համար որ առիթ ընծայեց ողջագուրելու իր եղբօր ՝Բարթողոմէիս Ա Պատրիարքին՝ ընկերակցութեան փոխ նախագահը:

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ընկերակցութեան ուսումնական գործունէութիւններուն, նշելով որ այդ աշխատանքները միատեղ կը հաւաքէ տարբեր եկեղեցիներէ մասնագէտներ՝ Կաթողիկէներ, Օրթոտոքներ, ընդգծելով հա միութենական երկխօսութեան հրամայականը:

Ան նշեց որ բազմաթիւ Աստուածաբանական երկխօսութիւններ, զոր կը վարէ կաթողիկէ եկեղեցին՝ յատուկէն Արեւելեան օրթոտոքս եկեղեցիներուն հետ, ունին եկեղեղեցագիտական բնոյթ, դիտել տալով որ համամիութենական երկխօսութիւնը հարստութիւն է նաեւ եկեղեցական իրաւագիտութեան:

Ֆրանչիսոս Պապ ընդհանուր ակնարկ կատարեց արեւելեան եկեղեցիներուն սինդոդականութեան, նշելով որ ընկերակցութեան ուսումնասիրութիւնները ունին սինոդական ծաւալ ՝փոխադարձ ունկնդրութեան, միասնաբար ընթանալու ինչպէս նաեւ եւ աւանդութիւններու եւ փորձառութիւններուն փոխարինումի միջոցաւ՝ որոնք կը որոնեն ուղիներ զոր կը տանին դէպի ամբողջական միութիւն::

ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով ընկերակցութեան տածած աշխատանքներուն համար վստահեցնելով որ այդ աշխատանքները ոչ միայն պիտի օժանդակեն եկեղեցական իրաւագիտութեան զարգացման այլեւ ու յատկապէս Տիրոջ աղօթքին իրականացման ամէնքը մէկ ըլլանք որպէսզի աշխարհը հաւատայ: Յովհ 17. 21 :

Նորին Սրբութիւնը խօսքը աւարտեց հայցելով բոլորին համար Աստուծոյ օրհնութիւնը խնդրելով որ չի մոռնան աղօթել իրեն համար:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2019, 11:42