Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Իտալական Santa Cecilia ընկերակցութեան անդամներուն հետ:

Երգել, նուագել, յօրինել ղեկավարել Աստուած փառաբանելու լաւագոյն եւ ամէնէնէ գեղեցիկ բաներէն մէկն է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 28 սեպտեմբեր, կէսօրին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալական Santa Cecilia ընկերակցութեան անդամները:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց  ընկերակցութեան  140 տարիներէ ի վեր մատուցած ծառայութեան համար նշելով, որ բազմաթիւ Պապեր յատուկ սէր ունէին ընկերակցութեան նկատմամբ ,  սկսեալ Պիոս Ժ Պապէն մինչեւ Սուրբ Պօղոս Զ Պապը ,որ ընկերակցութեան անդամներէն խնդրած է  որ աշխատին  երաժշտութիւնը ծէսին մէջ ներմուծելու համար   « Ոչ որեւիցէ երաշտութիւն այլ հոգեւոր երաժշտութիւն,  ազնուական արուեստասիրութեամբ,   որովհետեւ Աստուծոյ պէտք է լաւագոյնը շնորհել» ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ    քաջալերելով ընկերակցութեան անդամները հանդիսանալու հարստութիւն՝ լաւագոյն կերպով ծէսին ծառայելու ի խնդիր:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յորդորեց յօրինել  նոր երաժշտութիւններ, նորընծայարաններու,  կրօնական կազմաւորումի կառոյցներէն ներս զարգացնել երաժշտութիւնը, զօրակցիլ ժողովրդապետութիւններուն երգչախումբներուն,  դիտել տալով որ  երգել, նուագել,  յօրինել ղեկավարել  Աստուած փառաբանելու  լաւագոյն եւ ամէնէնէ գեղեցիկ բաներէն  մէկն  է:   

Նորին Սրբութիւն նկատել տուաւ,  որ հոգեւոր  երաշտութիւնը ունի այլ պատկանութիւն մը այն է , միասնաբար  ամրապնդել քրիստոնէական պատմութիւնը, դիտել տալով, որ ծէսին մէջ կը հնչեն գրիգորեան երգեր- ժողովրդային եւ ժամանակակից երաշտութիւնը,   կարծես թէ Աստուած փառաբանելու պահուն ներկայ են  անցեալի եւ ներկայի սերուդները՝ իւրաքանչիւր սերունդ իր զգացումներով:  

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց պատգամը շնորհակալութիւն յայտնելով ընկերակցութեան  անդամներուն :Ան  ապա Տիրոջմէ հայցեց որ օգնէ անոնց որպէսզի յարատեւեն իրենց յանձնառութեան մէջ նշելով որ Եկեղեցին կը գնահատէ ընկերակցութեան՝ հասարակութիւններուն մատուցած ծառայութիւնները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2019, 12:49