«Խաղաղութեան Թագուհի Սուրբ Կոյս Մարիամի» սրբավայրը «Խաղաղութեան Թագուհի Սուրբ Կոյս Մարիամի» սրբավայրը  

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհակալական խօսքը Մաուրիցիուսին։

Սրբազան Պապը, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց քրիստոնէական ուսուցումի վրայ հիմնուած «Ալֆա» դասընթացի հետեւող բանտարկեալներուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Կոյս Մարիամ Խաղաղութեան Թագուհի ուխտավայրին մօտ մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուզեց շնորհակալական խօսք ուղղել Մաուրիցիուսի եկեղեցական ու քաղաքական իշխանութիւններուն ու բոլոր անոնց որոնք գործակցեցան ճամբորդութեան յաջողութեան համար։  

«Իմ շնորհակալութիւնս կը տարածուի նաեւ բոլոր քահանաներուն, սարկաւագներուն, կրօնաւոր կրօնաւորուհիներուն ու բազմաթիւ կամաւորներուն» ըսաւ Սրբազան Պապը, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով քրիստոնէական ուսուցումի վրայ հիմնուած «Ալֆա» դասընթացի հետեւող բանտարկեալներուն որոնք Նորին Սրբութեան նամակ մը գրած են։

«Անոնց կը յղեմ իմ սիրալիր ողջոյնս եւ օրհնութիւնս» ըսաւ Քահանայապետը ապա երախտապարտ հոգիով շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ ժողովուրդին, ու բոլոր անոնց որոնք Մաուրիցիուս  եկած են Մաուրիցիուսի մօտակայքը գտնուող այլ կղզիներէն։ Ձեզի կը վհատեցնեմ իմ աղօթքներս եւ իմ մօտիկութիւնս։ Տէրը  շարունակէ բոլորիդ պարգեւել իմաստութիւն եւ ուժ՝ ձեր օրինական բոլոր ձգտումները իրագործելու համար ։ Եւ բարեհաճեցէք  շարունակել աղօթել ինծի համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2019, 11:52