1567945934636.JPG

Աքամասոայի՝ «Բարեկամութեան Քաղաք»ի այցելութիւն ու հանդիպում Աքամասոայի հասարակութեան հետ։

«Աքամասոա» բառացի կը նշանակէ «լաւ բարեկամներ» ու այնտեղ գտնուող «բարեկամութեան քաղաքը» հիմնուած է 1989ին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Առաքելական ճամբորդութիւններու ընթացքին Քահանայապետը բացի պաշտօնական հանդիպումներէ ու արարողութիւններէ սովոր է այցելել բարեսիրական հաստատութիւններ ու Մատակասկար կատարած ճամբորդութեան ծիրէն ներս, կիրակի 8 սեպտեմբերին, կէսօրէն ետք,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Աքամասոայի Բարեկամութեան Քաղաքը։

Ունկնդրէ լուրը

Աքամասոայի Բարեկամութեան Քաղաքը

 «Աքամասոա» բառացի կը նշանակէ «լաւ բարեկամներ» ու այնտեղ գտնուող «բարեկամութեան քաղաքը»  հիմնուած է 1989ին՝ 1970-ական թուականներուն Մատակասկար ժամանած  Արժանթինցի միսիոնար՝ Հայր Փետրօ Օփէքայի ջանքերով։

«Քաղաքը»  կառուցուած է Մատակասկարի մայրաքաղաք՝ Անթանանարիվոյի աղբակոյտի մը մօտակայքը։ Հայր Օփեքան ուզեց վերագործարկել այդ տարածքը, առիթ ընծայելով շատերուն՝ փոքր աշխատավարձով, աշխատելու այնտեղ գտնուող որձաքարի  քարահանքի մէջ։

Ներկայիս 25 հազար անձինք կ՛օգտուին այդ ծրագիրէն ու կ՛ապրին «քաղաքի» մօտը գտնուող գիւղերուն մէջ, մինչ 30 հազար աղքատներ ամէն տարի Աքամասոա կու գան յատուկ օգնութիւններ ստանալու համար, ու 14 հազար մանուկներ կարելիութիւնը ունին հետեւելու դպրոցական դասընթացքներու։

 Աքամասոան՝ Աստուծոյ ներկայութեան արտայայտութիւն

Աքամասոա ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Կեդրոնի Հիմնադիր Հայր Օփեքայի կողմէ ու միասին մուտք գործեցին կեդրոնի լսարան՝ ուր 8 հազար երիտասարդներ խանդավառ երգերով հիւրընկալեցին Քահանայապետը։

Հայր Փետրոյի ու պատանիի մը արտասանած բարի գալուստի խօսքէն ետք Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը ուղղելով ներկաներուն, նախ ուրախութիւնը յայտնեց այնտեղ գտնուելուն համար հաստատելով որ Աքամասոան Աստուծոյ՝ իր աղքատ ժողովուրդին մէջ ներկայութեան արտայայտութիւնն է»։

Սրբազան Հայրը գոհաբանութիւն յայտնեց Տիրոջ որ ընդունեց աղքատներուն ճիչը ու շօշափելի օրէն իր սէրը յայտնեց՝  այս քաղաքի ստեղծումով։

Ձեր ողբը, ըսաւ Քահանայապետը, դարձաւ յոյսի երգ։ Այս քաղաքի ամէն մէկ անկիւն, ամէն մէկ դպրոց, ամէն մէկ շտեմարան, յոյսի երգ մը է որ լռութեան կը մատնէ ամէն մէկ ճակատագրականութիւն։ «Աղքատութիւնը ճակատագիր չէ» ըսաւ Սրբազան Պապը, մատնանշելով որ Քաղաքը իր մէջ կը կրէ քաջութեան ու փոխադարձ օգնութեան երկար պատմութիւն մը, որուն հիմքը կայ կենդանի հաւատք որ վերածուեցաւ գործնական արարքներու՝ որոնք կարող են «լեռներ փոխադրել», յարեց Նորին Սրբութիւնը, աւելցնելով որ այդ հաւատքը առիթ տուաւ տեսնելու յոյսը՝ այնտեղ ուր կար միայն մահ, նշմարելու կեանքը այնտեղ ուր կործանում հռչակուած էր։

Միասնաբար աշխատիլ

Միասնաբար իրագործուած աշխատանքը թոյլ տուաւ վերականգնեցնել վստահութիւնը ոչ միայն դուք ձեր վրայ, այլ նաեւ իրարու նկատմամբ, վստահութիւնը որ առիթ ընծայեց դառնալու այս պատմութեան դերակատարներն ու հեղինակներ։ «Աստուծոյ երազը՝ միայն անձնական զարգացումը չէ, այլեւ հասարակական զարգացումը, ու չկայ աւելի ծանր ստրկութիւն քան ապրիլ դուք ձեզի համար, ինչպէս յիշեցուց հայր Փետրոն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա բոլոր ներկաներուն փոխանցեց կարեւոր պատգամ մը. «Երբեք մի վհատիք աղքատութեան բացասական հետեւանքներուն առջեւ, մի զիջիք դիւրին կեանքի փորձութեան»։

Երիտասարդներուն կ՛իյնայ շարունակել գործը 

Քահանայապետը խօսքը ուղղելով ապա երիտասարդներուն յիշեցուց որ այդ քաղաքը իրականացուած է տարեցներու կողմէ, սակայն անոնց կ՛իյնայ յառաջ տանիլ զայն։ Այս մէկը ընելու ուժը կը գտնէք հաւատքին մէջ։ Թոյլ տուէք որ Աստուծոյ պարգեւները ծիլ տան։ Խնդրեցէք որ Ան օգնէ ձեզի, որպէսզի վեհանձն կերպով նուիրուիք ձեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն։ Այնպէս որ Աքամասոան  չ՛ըլլայ միայն օրինակ ապագայի սերունդներուն այլ մեկնակէտ մը՝ Աստուծմէ ներշնչուած գործի մը, որ իր լիակատար զարգացումը պիտի գտնէ այն չափով որ ան պիտի շարունակէ վկայել սէրը ներկայ ու ապագայ սերունդներուն։

Աքամասոայի լոյսը տարածուի համայն աշխարհ։ 

Ճառին աւարտին Սրբազան Պապը հրաւիրեց աղօթել որպէսի համայն Մատակասկարի ու աշխարհի այլ երկիրներու մէջ տարածուի այս քաղաքին լոյսը, ու «կարողանանք իրականացնել զարգացումի ձեւեր որոնք առաջնութիւն  տան աղքատութեան եւ ընկերային բացառութեան դէմ պայքարի, սկսեալ դաստիարակութիւնէն, աշխատանքէն, ու յանձնառումէն ի նպաստ մարդկային արժանապատուութեան» յարեց Քահանայապետը ու խօսքը եզրափակեց դարձեալ շնորհակալութիւն յայտներով ներկաներուն, անոնց մարգարէական եւ յոյս ստեղծող վկայութեան համար, հայցելով որ Աստուած շարունակէ օրհնել զանոնք։

«Կը խնդերմ մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2019, 14:44