Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Աւելի լաւ աշխարհ մը կարելի է՝ շնորհիւ արհեստագիտութեան բարոյական զարգացումին». Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Բարիքը զոր մարդկութիւնը կարող է քաղել այդ արհեստգիտական զարգացումէն կախեալ է այդ նոր կարելիութիւններու բարոյական գործածութենէն»,

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 27 սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան, «Հասարակաց բարիքը թուային դարաշրջանի ընթացքին» նիւթով հանդիպումի մասնակիցները առիթը ունեցան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ եւ ունկնդրելու Անոր  պատգամը։

Վերոնշեալ Հանդիպումը կազմակերպուած է Քահանայապետական մշակոյթի Խորհուրդի կողմէ ու Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան բաժանմունքի կողմէ։

Ընդունելով հիւրերը Սրբազան Հայրը ակնարկեց արհեստագիտութեան դաշտէն ներս իրականացուած զարգացումներուն, յատկապէս հայող արհեստական բանականութեան, նշելով թէ անոնք միշտ աւելիով նշանակալի հետեւանքներ ունին մարդու վարուելակերպին վրայ ու թէ հարկաւոր է այդ մասին քննարկումներ կատարելը։

Ունկնդրէ լուրը

«Բարիքը զոր մարդկութիւնը կարող է քաղել այդ արհեստգիտական զարգացումէն կախեալ է այդ նոր կարելիութիւններու բարոյական գործածութենէն», ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը զգուշացնելով անապահով ու անկարավարուած զարգացումի հետեւանքներու վտանգէն ու այդ ուղղութեամբ դարձեալ շեշտը դնելով հանդիպումի մշակոյթի ու միջ կրթական համակարգի միջեւ երկխօսութեան կարեւորութեան վրայ, շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն, որոնք իրենց գիտական զանազան հմտութիւնները դրած են պտղաբեր ու ներառնող երկխօսութեան ծառայութեան տակ նպատակ ունենալով «ձեռք բերել չափանիշեր ու բարոյական լարաչափեր որոնք կարող ըլլան ուղենիշեր պարգեւել ի տես արհեստագիտութեան համատարած օգտագործածութենէն յառաջացած բարոյական հարցերուն։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա մարդութիւնը յուզող միասնական մարտահրաւէրներուն, նոր հարցերուն որոնք կարիքը ունին նոր լուծումներու, այս ծիրէն ներս գովելի համարելով մասնակիցներուն ներումները յատկապէս ի միտ ունենալով հասարակաց բարիքը։

«Հարցերը զոր հրաւիրուած էք ուսումնասիրել կը հային համայն մարդկութեան ու կը պահանջեն բոլորին  նուիրուած ընդարձակեալ լուծումներ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը օրինակ բերելով աշխատանքային աշխարհին մէջ  «Ռոպոթիքային»  որ մէկ կողմէն կարող է վերջ տալ վտանգաւոր ու միապաղաղ աշխատանքին, որ յաճախ տառապանքի ու ձանձրոյթի առիթ է, միւս կողմէն սակայն ան կարող է դառնալ միայն արդիւնաւէտութեան գործիք,  որ կը գործածուի պարզապէս շահը աճեցնելու համար բազմաթիւ անհատներ զերծ պահելով աշխատանքէն ու վտանգի մատնելով անոնց արժանապատուութիւնը։

Սրբազան Հայրը ակնարկեց նաեւ արհեստական բանականութեան առաւելութիւններուն ու վտանգներուն այս ծիրէն ներս մատնանշելով անոր միջոցաւ տարածուած լուրերուն ու գաղափարներուն, որոնք սակայն կարող են «թիւնաւոր ել» հանրային քննարկումները ու խեղաթիւրել միլիոնաւոր անհատներու գաղափարները, վտանգի տակ դնելով իշխանութիւններն ու քաղաքացիական խաղաղ համակեցութիւնը»։

«Ասոր համար արհեստագիտական զարգացումը որուն ականատես ենք կը պահանջէ որ մենք իւրացնենք ու վերաիմաստաւորենք բարոյական պայմանները զոր ուրիշներ մեզի փոխանցեցին։ Որովհետեւ եթէ արհեստագիտական զարգացումները անարդարութիւններու պատճառ ըլլան անոնք կարող չենք իսկական զարգացում նկատել» յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն անոնց քաղաքացիական յանձնառումին համար որ կը միտի նուազեցնել տնտեսական, դաստիարակչական արհեստագիտական, ընկերային եւ մշակութային անհաւասարութիւնները։

Դուք, ըսաւ Ան, հիմքը դրիք երաշխաւորելու ու պաշտպանելու ամէն մէկ անհատի արժանապատուութիւնը վստահ ըլլալով որ հասարակաց բարիքը չի կրնար անջատուած ըլլալ ամէն մէկ անհատի յատուկ բարիքէն։

«Աւելի լաւ աշխարհ մը կարելի է նաեւ շնորհիւ արհեստագիտութեան զարգացումին եթէ այս վերջինս ունենայ բարոյականութիւն մը որ հիմնուած ըլլայ հասարակաց բարիքի տեսութեան վրայ, ազատութեան, պատասխանատուութեան, եղբայրութեան բարոյականութիւն մը որ կարող ըլլայ խթանելու մարդոց համապարփակ զարգացումը ուրիշներու ու արարչութեան հետ յարաբերութեան մէջ» հաստատեց հուսկ Սրբազան Պապը եզրափակելով իր խօսքը ու առաքելական  օրհնութիւնները շնորհելով  բոլոր ներկաներուն։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2019, 11:31