Գերապայծառ Խօսէ Լուիս Ազուայէ Այալա Գերապայծառ Խօսէ Լուիս Ազուայէ Այալա 

«Աւետարանի յոյսը փոխանցել» Քահանայապետին պատգամը Վենեզուելլայի Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումին։

Քահանայապետը քաջալերեց բոլոր մասնակիցները այս օրերը ապրիլ որպէս պատշաճ առիթ, կիսելու եւ միասնաբար վերանորոգելու հաւատքն ու առաքելական յանձնառումը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վենեզուելլայի  Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումի երիտասարդներու ազգային 11-րդ հաւաքին առթիւ, Նորին Սրբութիւնը պատգամ մը յղած է Մարաքայիպոյի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Խօսէ Լուիս Ազուայէ Այալային, որուն մէջ քաջալերած է հաւաքին բոլոր  մասնակիցները այս օրերը ապրիլ որպէս պատշաճ առիթ, կիսելու եւ միասնաբար վերանորոգելու հաւատքն ու առաքելական յանձնառումը, սկսեալ դէպի դուրս ուղղուող Եկեղեցիէ մը, որ քաջութեամբ կը փոխանցէ Աւետարանի յոյսն ու ուրախութիւնը, նկատի առնելով յատկապէս ամենակարիքաւորներն ու ընկերութենէն բացառուածները։

Ունկնդրէ լուրը

«Աւետարանական առաքելութիւնը, կը գրէ Սրբազան Պապը, ծնունդ կ՛առնէ Սուրբ Մկրտութեամբ ընդունած Յիսուս Քրիստոսի հաւատքին  հակումով։ Սոյն շնորհքը մեզի պարգեւուած է ձրի կերպով, կ՛ապրինք եկեղեցական հասարակութեան մէջ ու մենք ձրի կերպով զայն կը հռչակենք ու կը կիսենք ուրիշներու  հետ» գած է Նորին Սրբութիւնը ու պատգամը աւարտախ է մաղթելով «Թող որ Յիսուս օրհնէ ձեզ եւ օրհնէ ձեր ընտանիքները, ինչպէս նաեւ  Վենեզուելլայի Ացիոնէ Քաթթոլիքայի  բոլոր անդամները, եւ Սուրբ Կոյսը ձեզի ըլլայ պահապան«։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2019, 15:00