Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց իր հետ ճամբորդող լրագորղները Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց իր հետ ճամբորդող լրագորղները  

Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց իր հետ ճամբորդող լրագորղները ու խնդրեց աղօթել Պահամասի աղէտին համար։

Սրբազան Քահանայապետը հրաւէր ուղղեց ներկաներուն որպէսզի իւրաքանչիւրը իր սրտին մէջ աղօթէ Պահամասը հարուածող զօրեղ մրրիկի զոհերուն համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Դէպի Մոզամբիկ առաջնորդող թռիչքի ընթացքին, Չորեքշաբթի 4 սեպտեմբեր 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, սովորութեան համաձայն, ուզեց մէկիկ մէկիկ ողջունել իր հետ ճամբորդող 70 լրագրողները եւ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունիի հակիրճ ներկայացումէն ետք Նորին Սրբութիւնը խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, յոյս յայտնելով որ «այս քիչ մը երկար ճամբորդութիւնը պտուղներ պարգեւէ»։

Քահանայապետը նկատել տուաւ ապա որ օդանաւին մէջ ներկայ չէ լրագրողներուն Աւագերէց Վալենթինա Ալազրաքին, որուն 153 ճամբորդութիւնը պիտի ըլլար այս մէկը, գնահատանք արտայայտելով անոր հրապարակած վերջին գիրքին համար, հայող չարաշահուած կիներուն, այդ աշխատանքը որակելով «իսկական գոհար» մը։

«Մենք պէտք է խորհրդածենք այդ նիւթի մասին» ըսաւ Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով Վալենթինային այդ իր աշխատանքին համար ապա յիշեց Սպանական EFE լրատու գործակալութեան 80 ամեակը ու այս առթիւ գործակալութեան լրագրող Քրիսթինա Քապրէյասին վստահեցուց յատուկ ժամանակ որպէսզի վերադարձի թռիչքի ընթացքին ազատօրէն հարցումներ ուղղէ Քահանայապետին։

Մէկիկ մէկիկ ողջունելէ ետք լրագրողները ու նախ քան իր տեղ վերադառնալը Սրբազան Քահանայապետը հրաւէր ուղղեց ներկաներուն որպէսզի իւրաքանչիւրը իր սրտին մէջ աղօթէ Պահամասը հարուածող զօրեղ մրրիկի զոհերուն համար։
«Աղքատ մարդիկ որոնք մէկ օրէն միւսը կորսնցուցին իրենց տունը իրենց ունեցուածքը ու նաեւ կեանքը» յարեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով «աղօթել այդ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար որոնք կը տառապին Պահամասը հարուածող այդ աղէտալի փոթորիկի հետեւանքէն»։

Ֆրանչիսկոս Պապին ճամբորդութիւնը

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2019, 12:45