Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Չիլէի մէջ ստեղծուեցաւ չարաշահումներու կանխարգիլման կեդրոն. Քահանայապետին պատգամը

Յատուկ մէկ արարողութեամբ Չիլէի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Քուիտա» կեդրոնին որուն նպատակն է կանխարգիլել չչարաշահումները։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յատուկ պատգամով մը, Հինգշաբթի 15 օգոստոս 2019-ին, Չիլէի մէջ բացումը կատարուեցաւ Քուիտա հիմնադրամին, որուն նպատակն է զբաղիլ  մանկապղծութեան կանխարգիլումի հարցերով, ինչպէս նաեւ քաղաքական որոնումներ ու հետազօտութիւններ իրագործել ի նպաստ անչափահասներու պաշտպանութեան։ Ծրագիրը նախաձեռնութիւնն է Չիլէի Կաթողիկէ Համալսարանին եւ  “Fundación para la Confianza” հաստատութեան։ Այս վերջինս  հիմնադրուած է 2010 թուականին, երբեմնի քահանայ Ֆերնանտօ Քատիմայի գործադրած ոտնձգութիւններու զոհերուն  վերապրողներու կողմէ, առաքելութիւն ունենալով պայքարիլ անչափահասներու չարաշահումներու դէմ, ապա ընկերանալ ու առաջնորդել այդ ոճիրներու զոհերուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/08/2019, 13:34