Երիտասարդներու լուսանկար Երիտասարդներու լուսանկար 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Փարակուայի մէջ կայացած երիտասարդներուն եռամեայ ազգային համագումարի առթիւ:

ֆրանչիսկոս Պապ կը քաջալերէ երիտասարդները ողջագուրելու Յիսուս Քրիստոսը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին անունով  քաջալերանքի պատգամ մը յղած է Փարակուայի Ասունսիոն քաղաքի  մէջ,  23-էն-25 օգոստոսին գումարուած «երիտասարդութիւն, եկեղեցի եւ ընկերութիւն» նիւթով ազգային երիտասարդներուն համագումարին առիթով:

Ունկնդրէ լուրը

 Փարակուայի տեղական եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած  երիտասարդաց համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 600 անձ,  ներկայութեամբ երկրի զանազան թեմերու եւ առաքելական ներկայացուցիչներուն:

Համագումարին ծիրէն ներս տեղի ունեցած է  ունկնդրութեան պահեր, վկայութիւններուն փոխանակում ինչպէս նաեւ սեմինարներ՝ Փարակուային մէջ  ընկերային եւ եկեղեցական գետնի վրայ երիտասարդները յուզող հարցերու  շուրջ:

Յաւարտ համագումարի աշխատանքներուն մատուցուած սուրբ Պատարագի ընթացքին, համագումարի պատասխանատու եւ Սուրբ Պետորս թեմի եպիսկոպոս,  գերապայծառ Փիեր Ժուպինվիլ ընթերցեց ֆրանչիսկոս Պապին անունով Կարդինալ Փարոլինին երիտասարդներուն յղած պատգամը որուն մէջ  կարդինալ Փարոլին գրած է

«Իբրեւ պտուղ այս շնորհքի ժամանակաշրջանին՝ ուր կարողացաք մտածել հաւատքի կեդրոնականութեան մասին, ֆրանչիսկոս Պապ կը քաջալերէ երիտասարդները ողջագուրելու Յիսուս Քրիստոսը,  զոր ձեզ կանչեց  իր բարեկամները ըլլալու, որպէսզի Իր  մէջ մնալով կարողանաք առատ պտուղներ տալ: » Գրած է վատիկանի Պետական քարտուղարը աւեցնելով «Սրբազան Քահանայապետը կը յորդորէ երիտասարդները անսալու Տիրոջ ձայնին,  որ ձեզ կը հրաւիրէ  իբրեւ հասարակութիւն, միսիոնար առաքեալներ դառնալու եւ աղքատներուն միջեւ փրկութեան աւետիսի  վկաները:» 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2019, 10:16