Ֆրանչիսկոս Պապի սեպտեմբեր ամսուան առաքելական աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը։

Նորին Սրբութիւնը խնդրեց որ աղօթենք գիտնականներուն, տնտեսագէրներուն եւ քաղաքագէտներուն համար, որպէսզի աշխատին ովկիանոսներուն եւ ծովերուն համար ուր պարուանկուած են մոլորակի ջուրի ամենամեծ մասը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 31 օգոստոսին, ինչպէս ամէն ամիս, «Պապի աղօթքի համաշխարհային ցանց կազմակերպութիւնը այս ամիս եւս լոյս ընծայեց սեպտեմբեր ամսուան Սրբազան Պապին առաքելական աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը:

Ունկնդրէ լուրը

«Համաշխարհային ցանց» կազմակերպութեան նպատակն է տարածել Պապին առաքելական աղօթքի դիտաւորութիւնը, մարդկութեան մարտահրաւէրներուն եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան ի սպաս:

Սեպտեմբեր ամսուան ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական աղօթքի դիտաւորութեան մասին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ «Պապի աղօթքի համաշխարհային ցանց» կազմակերպութիւնը նշած է, թէ Նորին Սրբութիւնը սեպտեմբեր ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ կը հրաւիրէ, որ մեր ուշադրութիւնը դարձնենք այն վայրերուն վրայ, որոնք կը պարունակեն մոլորակի ջուրի մեծ մասը, ինչպէս նաեւ կենդանի էակներուն բազմազանութիւնը՝ ծովերու ու ոկիանոսներուն վրայ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ֆրանչիսկոս Պապ խորապէս մտահոգ է ովկիանոսներուն եւ ծովերուն համար եւ կը խնդրէ բոլոր կաթողիկէներէն, որ աղօթեն քաղաքագէտներուն, գիտնականներու տնտեսագէտներուն համար, որպէսզի անոնք ամէն ջանք թափեն ծովերու ովկիանոսներուն պաշտպանութեան ի խնդիր:

Սեպտեմբեր ամսուան առաքելական աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.

«Ովկիանոսները կը պարունակեն մոլորակի ջուրի մեծ մասը, ինչպէս նաեւ կենդանի էակներու բազմազանութեան ամենամեծ մասը, որոնցմէ շատեր այսօր՝ վտանգուած են տարբեր պատճառներով:

Արարչագործութիւնը Աստուծոյ մարդկութեան նկատմամբ սիրոյ ծրագիր մըն է:Մեր զօրակցութիւնը հասարակաց տան նկատմամբ կը ծնի հաւատքէն:

Այս ամսուան ընթացքին աղօթենք որպէսզի, քաղաքագէտները, գիտնականները, տնտեսագէտները աշխատանք տանին ծովերուն եւ ովկիանոսներուն ի սպաս:»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2019, 11:04