Մոզամպիքի ժողովուրդը Մոզամպիքի ժողովուրդը 

Մոզամպիքի ժողովուրդը կը սպասէ Ֆրանչիսկոս Պապի հաշտարար ուխտագնացութեան:

Մոզամպիքի Կաթողիկէ Եկեղեցին ունի աւելի քան 6 միլիոն հաւատացեալներ, որ կը կազմեն բնակչութեան 28 տոկոսը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սեպտեմբեր 4էն 6, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պիտի այցելէ Մոզամպիք։ Այցի օրակարգին մէջ նախատեսուած է դիմաւորում օդակայանին մէջ։ Սեպտեմբերի 5ին տեղի պիտի ունենան զանազան հանդիպումներ։ Սրբազան Հայրը պիտի հանդիպի Մոզամպիքի նախագահ Ֆիլիփէ Նյուսի, ինչպէս նաեւ իշխանութիւններու, քաղաքային ընկերութեան եւ դիւանագիտական մարմնի ներկայացուցիչներու հետ։ Ապա նախատեսուած են հանդիպումներ միջկրօնական բնոյթի, ինչպէս նաեւ երիտասարդներու, եպիսկոպոսներու, քահանաներու եւ կրօնաւորներու հետ, Մափութոյի Անարատ Յղութիւն տաճարին մէջ։ Սեպտեմբերի 6ին Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ Զիփեթոյի հիւանդանոցը եւ Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ նախ քան Մատակասքար մեկնումը։ Սրբազան Պապի առաքելական այցելութեան բնաբանն է՝ «Յոյս, խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն». բնաբան մը, որ կը ցոլացնէ Մոզամպիքի անցած վերջին ուղին։

Ունկնդրէ լուրը

Երբ 1975 թուականին Մոզամպիք անկախացած էր Փորթուկալէն, ինկած էր քաղաքացիական պատերազմի մէջ։ Հակամարտութիւնները տեւած էին 15 տարիէ աւելի, հարիւր հազարաւոր մահերով եւ աւելի քան չորս միլիոն տեղահանուածներով եւ փախստականներով։ 1992ին «Մոզամպիքեան ազգային դիմադրութիւն» ապստամբներու խմբակը վերածուած էր քաղաքական կուսակցութեան։ 1992ի հոկտեմբերի 4ին Հռոմի մէջ ստորագրուած էր խաղաղութեան պատմական համաձայնագիր մը, այդ ժամանակի նախագահ Ժոաքին Քիսսանոյի եւ դիմադրութեան ղեկավար Աֆոնսո Տլաքամայի միջեւ։ Խաղաղութեան պայմանագրի իրականացման մէջ մեծ դեր ունեցած էր Սանթ Էճիտիոյի Հասարակութիւնը։ 1994ին, ազատ ընտրութիւնները առաջին քայլը եղած են բնականոն վիճակի մը որդեգրման գործընթացին, որ յաջորդող տարիներուն նաեւ պատճառ դարձած է տնտեսական եւ ընկերային աճին։

Վերջերս երկրի հիւսիսային կողմը գտնուած են բնական կազի հանքավայրեր, որուն պատճառով երեւան եկած են նոր սպառնալիքներ Մոզամպիքի կայունութեան։ Վերջին ամիսներուն Քապո Տելկատոյի հիւսիսային շրջաններուն մէջ արձանագրուած են բռնութեան զանազան դէպքեր, հակամարտութիւններու պատճառով։ Ըստ զանազան աղբիւրներու, պատասխանատուները ծայրայեղական իսլամ զինեալներ են, որոնք կը պատկանին այլ երկիրներէ եկած Շապապ խմբակցութեան։ Բացի Մոզամպիքը յուզող աղէտներէն, մեծ է թիւը անգրագէտներու, Սիտայի աղտով վարակուածներու եւ թմրամոլներու։ Մոզամպիքի տնտեսութեան եւ ընկերութեան համար այլ հարուածներ էին տարւոյս մարտի 13ի եւ ապրիլի 25ի ցիքլոնները, որոնք խլած էին 600 կեանքեր եւ աւերած էին հարիւր հազարաւոր հեքթար մշակելի հողեր։ Այս աղէտները պատճառած էին առողջական ծանր տագնապ եւ աւելի քան 73 հազար անձերու տեղահանում։

Մոզամպիքի Կաթողիկէ Եկեղեցին ունի աւելի քան 6 միլիոն հաւատացեալներ, որ կը կազմեն բնակչութեան 28 տոկոսը։ Մանաւանդ գիւղական տարածքներու մէջ բնակչութեան նշանակալից մէկ մասը կը շարունակէ հետեւիլ ափրիկեան աւանդական պաշտամունքներու։ Բնակչութեան մէկ հինգերորդը կը պատկանի իսլամական կրօնքին։ Իսլամները կը բնակին յատկապէս երկրի հիւսիսային եւ ծովեզրեայ շրջաններուն մէջ։ Քրիստոնեաներու թիւը աւելի մեծ է հարաւային կողմը եւ քաղաքներուն մէջ։ Մոզամպիքի եպիսկոպոսական ժողովը կազմուած է երեք մետրապոլտական արքեպիսկոպոսութիւններէ եւ ինը ենթակայ թեմերէ։ Ներկայիս եպիսկոպոսական ժողովի նախագահն է Գերպ. Լուսիօ Անտրիս Մուանտուլա, Շայ-Շայի եպիսկոպոս։

Մոզամպիքի Եպիկսոպոսակա Ժողովի հաղորդակցութեան յանձնաժողովի պատասխանատու Հայր Խորխէ Աուկուսթո նկատած է, թէ Մոզամպիքի ժողովուրդը մեծ ուրախութեամբ կը սպասէ Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութեան։ «Յոյս, խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն» ոչ միայն բնաբանն է Պապի առաքելական այցելութեան, այլ նաեւ կ՚ընկերանայ ամբողջ երկրի մը ակնկալութիւններուն, որ հակառակ բազմաթիւ խնդիրներու՝ տեսնեն ապագան նոր վստահութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2019, 10:06