Մարեմեան աղօթք Մարեմեան աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին Վերափոխման տօնի Մարեմեան աղօթքն ու խորհրդածութիւնը։

«Բարձրացնենք մեր աչքերը, Երկինքը բաց է, ու վրդովում չի պատճառեր, որովհետեւ անոր դրան սեմին կայ մայր մը որ մեզ կը սպասէ։ Ան Երկնքի Թագուհին է ու մեր մայրն է»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աւանդութիւն է որ ամէն կիրակի օր Քահանայապետերը, կէսօրին, քահանայապետական աշխատանքային գրասենեակէն արտասանեն «Հրեշտակ Տեառն» մարեմեան աղօթքը ու անոր ընթացքին սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն ներկայացնեն օրուան խորհրդածութիւնը։

Բացի կիրակի օրուընէ Մարեմեան աղօթքի աւանդութիւնը տեղի կ՛ունենայ նաեւ կարեւոր տօներու առթիւ որոնցմէ մին է Սուրբ Կոյս  Մարիամի Վերափոխման տօնը՝ զոր Լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ 15 օգոստոսին մինչ հայոց Եկեղեցին զայն փոխադրած է 15 օգոստոսի ամենամօտ կիրակիին։

2019-ի վերափոխման տօնին օրը, հինգշաբթի 15 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը, այդ առթիւ ներկայացուցած յաւուր պատշաճի խորհրդածութիւնը կեդրոնացնելով Տիրամօր  «Մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր» (Ղուկաս 1, 46 – 47) փառաբանութեան վրայ։

«Այս խօսքերով Մարիամ մեզի կը սորվեցնէ ցնծալ ոչ միայն երկրային բարիքներուն համար այլ Աստուծոյ համար որովհետեւ ան մեծամեծ բաներ կը կատարէ մեր կեանքին մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց կեանքն մէջ փնտռել մեծ բաները ու չի կսորուիլ փոքրիկ իրականութիւններու մէջ, ինչպէս մեզի ցոյց կու տայ Տիրամայրը՝ հրաժարելով վաղանցուկ բաներէ։

«Այսօր մենք կը տօնենք այդ «մեծ բաները»։ Մարիամ վերափոխուեցաւ երկինք, ան որ փոքր ու խոնարհ էր, առաջինը եղաւ որ ընկալեց փառքը։ Ան՝ մեզմէ մին, մարմնով ու հոգիով հասաւ յաւիտենականութեան, ու այնտեղ է որ մեզ կը սպասէ, որպէս մայր մը որ կը սպասէ իր զաւակներուն տուն վերադարձը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ «Վերափոխման տօնը կոչ մըն է բոլորին ու յատկապէս տարակոյսներուն ու տխրութեան մէջ ապրողներուն» ապա հրաւիրեց. «Բարձրացնենք մեր աչքերը, Երկինքը բաց է, ու վրդովում չի պատճառեր,  որովհետեւ անոր դրան սեմին կայ մայր մը որ մեզ կը սպասէ։ Ան Երկնքի Թագուհին է ու մեր մայրն է։ Մեզ կը սիրէ, մեր օգնութեան կը հասնի գորովով։ Եւ ամէն մէկ մօր նման որ իր զաւակներուն համար լաւագոյնը կը բաղձայ, ան մեզի կ՛ըսէ «դուք թանկարժէք էք Աստուծոյ աչքերուն առջեւ. Չէք ստեղծուած աշխարհի փոքր գոհունակութիւններուն համար, այլ Երկնքի մեծ ուրախութեան համար։

«Թոյլ տանք ուրեմն որ Տիրամայրը մեզ առաջնորդէ ու ամէն անգամ որ աղօթենք Վարդարանը քայլ մը կատարենք դէպի կեանքի մեծ նպատակը։ Թոյլ տանք հրապուրուիլ իսկական գեղեցկութիւնով, ընտրենք Երկնքի մեծութիւնը ու Սուրբ Կոյսը՝ Երկնքի դուռը, մեզ օգնէ ամէն օր վստահութեամբ եւ ուրախութեամբ մեր հայեացքը ուղղելու այնտեղ ուր կը գտնուի մեր իսկական տունը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/08/2019, 12:06