Քուպայի Եկեղեցին Քուպայի Եկեղեցին 

Քահանայապետը Քուպայի երիտասարդներուն. «Եղէք միսիոնարներ որպէսզի ուրիշներն ալ ճանչնան Յիսուսը»։

«Շարունակեցէք հետեւիլ Մարիամի օրինակին, փորձարկելով ուրախութիւնը որ ծնունդ կ՛առնէ Յիսուս Քրիստոսի հետ հանդիպումէն»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քուպայի մէջ նշուող Երիտասարդութեան Ազգային Բ օրուան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ՝ Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութեամբ  պատգամ մը յղեց Սանթիակօ Տի Քուպայի Արքեպիսկոպոսին, որուն մէջ հաւաստիացուց իր աղօթքները որպէսզի Տէրը իր սիրով պաշտպանէ Քուպայի երիտասարդները։

Ունկնդրէ լուրը

«Վճռակամութեամբ, շարունակեցէք հետեւիլ Մարիամի օրինակին, Տիրոջ հաւատարիմ աղախինը, փորձարկելով ուրախութիւնը որ ծնունդ կ՛առնէ Յիսուս Քրիստոսի հետ հանդիպումէն» ու որպէս «Յարութեան վկաները, թոյլ տուէք բարեփոխուիլ ու դառնալ միսիոնար աշակերտներ, որպէսզի բազմաթիւ այլ երիտասարդներ եւս վերագտնեն մեր Տիրոջ Յիսուսի ներկայութիւնը, անսան անոր կոչին ու աճին անոր բարեկամութեան մէջ, ու այդպէսով ապրին գոյութիւն մը, որ յատկանշուած ըլլայ ողորմութեամբ եւ հաւատարմութեամբ»։ Այսպէս կը գրէ Կարդինալ Փարոլինը յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին՝ գերապայծառ Տիոնիզիօ Կարսիա Իպանէզին ուղղած իր պատգամին մէջ։

«Նորին Սրբութիւնը կ՛ողջունէ բոլոր մասնակիցները եւ Օրուան կազմակերպիչները աղօթելով Տիրոջ որպէսզի «իր անհուն սիրով պաշտպանէ Քուպացի երիտասարդները» նշուած է միշտ վերոնշեալ պատգամին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2019, 09:11