Ասսիզիի Սրբավայրը Ասսիզիի Սրբավայրը 

Ասսիզին եւ վերջին երեք Քահանայապետները` ''Երկխօսութիւն, դարձ Եւ աղքատութիւն'' ի սպաս խաղաղութեան։

Վաղուց ի վեր Հռոմի Քահանայապետերը յատուկ կապ հաստատած են Ասսիզիի ուխտավայրին հետ:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մէկ եւ երկու Օգոստոս 2019-ին Ասսիզիի մէջ կը նշուի «Ասսիզիի ներումը» ապաշխարութեան ու դարձի ձեռնարկ մը. հաստատուած Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի կողմէ 1216-ին, նպատակ ունենալով բոլոր հաւատացեալներուն առիթ ընծայել ապաշխարութեան եւ զանոնք առաջնորդել դէպի երկինք։

Վաղուց ի վեր Հռոմի Քահանայապետերը յատուկ կապ հաստատած են Ասսիզիի ուխտավայրին հետ ու Ասսիզին յատուկ նշանակութիւն ստանձնած է  յատկապէս վերջին երեք Քահանայապետերուն համար։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի,  27 հոկտեմբեր 1986-ին, Ասսիզիի մէջ կազմակերպած  ''աղօթքի օրը'', մասնակցութեամբ բոլոր կրօններու ներկայացուցիչներուն, անմոռանալի դէպք մը հանդիսացաւ որ երկխօսութեան նոր հանգրուան մը բացաւ կրօններու առջեւ եւ նոր գիտակցութիւն մը յառաջ բերաւ, հաստատելով որ Աստուած բոլոր մարդոց համար խաղաղութիւն կը հայցէ, հետեւաբար կարելի չէ յանուն Աստուծոյ պատերազմ կամ բռնութիւն բանեցնել։Այդ Օրը դարձաւ մարդկային ցեղին համար օրհնութեան օր։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետն ալ  յատուկ եւ անձնական կապ մը ունեցած է Ասսիզացի Սուրբ ֆրանչիսկոսին հետ։ Եթէ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին համար ''Ասսիզին'' հոմանիշ  եղած է  կրօններու միջեւ հանդիպումի եւ երկխօսութեան, Պենետիկտոս ԺԶ -ի համար Սուրբ Ֆրանչիսկոսը  համարուած է Աւետարանի ճշմարիտ վկայ։

Արդարեւ Վաստակաւոր Քահանայապետը հմայքով վերյիշած է  միշտ ս. ֆրանչիսկոսի դարձն ու կոչումը։ Ան վեց տարուայ քահանայապետութեան ընթացքին կատարած 111 ճառերուն մէջ, միշտ վերակոչած է Ասսիզիի Սուրբը ու զայն ներկայացուցած որպէս Աւետարանի ճշմարիտ վկայ։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, 17 հոկտեմբեր 2007-ին, Ասսիզիի իր ուխտագնացութիւնը սկսաւ այն վայրէն, ուր սկիզբ առաւ ու հասունցաւ ս. ֆրանչիսկոսին դարձը եւ այդ օրուան բոլոր ճառերը կեդրոնացած էին Սուրբին դարձին ու կեանքի արմատական փոփոխութեան վրայ։

Իսկ Պերկոլիօ Քահանայապետի կապը Ասսիզիի Սուրբին հետ սերտօրէն առընչուած է իր իսկ ընտրած անունին` ֆրանչիսկոս։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին համար Ասսիզիի Սուրբը կը խորհրդանշէ աղքատսիրութիւնը, որու միջոցաւ Սուրբը աշխատեցաւ բարեփոխել Աստուծոյ Եկեղեցին։

Եթէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը շատ կը սիրէ ''դարձ'' բառը Պերկոլիօ քահանայապետը զայն կը լրացնէ յետիններու հետ ''հանդիպում'' բառով։

Իրեն նախորդ` Յովհաննէս Պօղոս Բ -ի նման, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եւս` պայծառ տեսութիւն մը ունի համաշխարհային խաղաղութեան նկատմամբ, որուն կանչուած են բոլոր կրօնները։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 1959-ի համալսարանական իր աւարտաճառին մէջ գրած էր. ''Եկեղեցին պիտի պարտադրուի վերապրիլ ս. ֆրանչիսկոսի նման, որ աւելի Աստուածաճանաչ էր քան իր ժամանակակից բոլոր վարդապետները, որովհետեւ ան գիտէր ''սիրել''։ Ժամանակակից քրիստոնեան ալ կանչուած է յարելու Աւետարանին ու անոր երանութիւններուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2019, 08:31