Ռուսական սուզանաւի արկածը Ռուսական սուզանաւի արկածը 

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցականը ռուսական սուզանաւի աղէտի զոհերուն ի լուր:

«Սրբազան Հայրը տեղեակ պահուած է ռուսական սուզանաւի աղէտի մասին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն, Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն, փոխանցած է Սրբազան Պապի ցաւակցութիւնը ռուսական սուզանաւի աղէտի 14 զոհերուն համար։

Ճիզոթթի ըսած է. «Սրբազան Հայրը տեղեակ պահուած է ռուսական սուզանաւի աղէտի մասին։ Ան կ՚արտայայտէ իր ցաւակցութիւնը եւ իր մօտիկութիւնը զոհերու ընտանիքներուն եւ անոնց որոնք տուժած են այս աղէտի հետեւանքով։

Հրդեհը որ բռնկած էր սուզանաւի մէջ երբ ան գիտահետազօտական առաքելութեամբ կը գտնուէր ռուսական ջուրերու մէջ, պատճառած էր 14 անհատներու մահը՝ շնչահեղձութեամբ։ Ներկայիս սուզանաւը կը գտնուի Սեւերոմորսքի զինուորական նաւահանգիստ՝ Ռուսաստանի հիւսիսային կողմը։

Ռուսաստանի դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին, որ վաղը, յուլիս 4ին հանդիպում պիտի ունենայ Սրբազան Պապի հետ, երէկ ժողովակոչած է շտապ հանդիպում մը պաշտպանութեան նախարարի հետ, ջնջելով իր ծրագրուած բոլոր պարտականութիւնները։ Հանդիպումի աւարտին, նախագահ Փութին խօսած է «մեծ կորուստի» մասին եւ պահանջած է քննարկում մը՝ պարզելու համար պատահածը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2019, 11:33