Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւն ու կոչը միջերկրականի ողբերգութիւններուն ի լուր ։

Թող որ միջազգային հասարակութիւնը, անյապաղ ու վճռակամ գործէ, խուսափելու համար այդպիսի ողբերգութիւններու կրկնումէն ու երաշխաւորելու բոլորին արժանապատուութիւնն ու ապահովութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 28 Յուլիս 2019-ի Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ցաւ յայտնելով ի լուր վերջին օրերուն միջերկրականի մէջ տեղի ունեցած նաւաբեկութեան, որուն պատճառաւ իրենց կեանքը կորսնցուցին տասնեակ գաղթականներ, որոնց շարքին կիներ ու մանուկներ, նորոգեց իր սրտաբուխ կոչը՝ ուղղուած միջազգային հասարակութեան, «որպէսզի անյապաղ ու վճռակամ գործէ խուսափելու այդպիսի ողբերգութիւններու կրկնումէն ու երաշխաւորելու բոլորին արժանապատուութիւնն ու ապահովութիւնը»։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ հրաւիրեց միասին աղօթել այդ զոհերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար, ապա ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ու հրաժեշտ առաւ բոլորէն, մաղթելով բարի կիրակի եւ խնդրելով որ բարեհաճին չի մոռնալ աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2019, 12:12