8 յունիս 2014-ի աղօթքի հանդիպումը Սուրբ Երկրի խաղաղութաեն համար 8 յունիս 2014-ի աղօթքի հանդիպումը Սուրբ Երկրի խաղաղութաեն համար 

8 Յունիս 2019-ի ժամը 13.00ին պահ մը կանգ առնենք ու աղօթենք խաղաղութեան համար։

«Տէրը մեր աչքերն ու սրտերը բանայ մեզի պարգեւելով քաջութիւնը ըսելու «Այլեւս ոչ երբեք պատերազմ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Տէրը մեր աչքերն ու սրտերը բանայ մեզի պարգեւելով քաջութիւնը ըսելու «Այլեւս ոչ երբեք պատերազմ» այս եղած էր Ֆրանչիսկոս Պապին աղերսը հինգ տարիներ առաջ Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ կայացած  «Սուրբ Երկրի ու անոր բոլոր բնակիչներուն» համար աղօթքի եւ խորհրդածութեան ձեռնարկին առթիւ որուն մասնակցեցաւ Բարթողոմէոս Ա, Իսրայէլի այն ժամանակուայ նախագահ՝ Շիմոն Փերեսը ու Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասը, իրենց ընկերացող պատուիրակութիւններու հետ միասին։

Անցեալ չորեքշաբթի օր հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւէր ուղղած էր բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց իրենց մակասացութիւնը բերելու՝ այսօր 8 յունիս 2019-ի ժամը 13ին նշուելիք «մէկ վայրկեան խաղաղութեան համար» ձեռնարկին որ ամէն տարի կը կազմակերպուի Իտալական Ացիոնէ Քաթթոլիքա բանուորական շարժումի նախաձեռնութեամբ ու նպատակ ունի աղօթելու աւելի եղբայրական աշխարհի մը դիտաւորութեան, ինչպէս յայտնած էր նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը իր հրաւէրին մէջ։  

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2019, 09:01