Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ծովու առաքելութեան մատրանապետներն ու կամաւորները:

Ֆրանչիսկոս Պապ մատրանապետներէն խնդրեց, որ իր ջերմ ողջոյնները փոխանցեն ծովայիններուն ու ձկնորսներուն, որոնց մեծամասնութիւնը կ՝աշխատին հեռու իրենց հայրենիքէն ու հարազատներէն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 27 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Stella Maris” ծովու առաքելութեան մատրանապետներն ու կամաւորները՝ Հռոմի մէջ գումարած իրենց տարեկան ընդհանուր հաւաքին առիթով:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ծովու առաքելութեան մատրանապետներուն եւ կամաւորներուն, Եւրոպայի նաւահանգիստներուն մէջ, ձկնորսներուն եւ ծովայիններուն մատուցած ծառայութեան համար, որոնք իրենց ծանր եւ խիստ աշխատանքներուն միջոցաւ, մեզի բոլորիս կ՝ապահովուեն առօրեայ կեանքի անհրաժեշտ իրերը:
Նորին Սրբութիւն յարեց , թէ ծովու առաքելութիւնը Stella Maris ներկայ է եւ առաքելութիւն կը կատարէ աւելի քան 300 նաւահանգիստներուն մէջ, հոգեւոր եւ նիւթական խնամակալութիւն շնորհելով , ծովայիններուն, ձկնորսներուն ու անոնց ի սփիւռս աշխարհ սփռուած ընտանիքներուն: Ան ապա նկատել տուաւ, որ աշխարհի մէջ ապրանքներուն 90 տոկոսը կը փոխադրուին նաւերու միջոցաւ եւ առանց ծովայիններուն աշխատանքին համաշխարհային տնտեսականութիւնը անկումի կը մատնուի:

Ֆրանչիսկոս Պապ մատրանապետներէն խնդրեց, որ իր ջերմ ողջոյնները փոխանցեն ծովայիններուն ու ձկնորսներուն, որոնց մեծամասնութիւնի կ՝աշխատին հեռու իրենց հայրենիքէն ու հարազատներէն դիտել տալով մատրանապետներուն, որ իրենց յանձնուած է Տիրոջ բարի լուր փոխանցեն առաքելութիւնը, աշխարհի ծովային բոլոր շրջաններէն , հրամայական նկատելով ուշադրութեամբ մտիկ ընել ծովայիններուն նիւթական եւ հոգեւոր մտահուգութիւները:

Ֆրանչիսկոս Պապ Քաջալերեց մատրանապետները որ ամէն ջանք ի գործ դնեն դիմագրաւելու համար ծովայիններուն հարցերը որոնք յաճախ արդիւնքն է մարդկային ագահութեան: Այս առնչութեամբ նշեց մարդավաճառութեան հարցը, մարդկային իրաւունքներուն խախտումները դիտել տալով որ մատրանապետները իրենց մատուցած ծառայութեամբ կը նպաստեն այդ անձերուն արժանապատւութեան իմաստը վերադարձնելու:
Սրբազան Պապ նկատել տուաւ որ մատրանապետներուն եւ կամաւորներուն նաւահանգիստներուն մէջ ներկայութիւնը յիշեցում է Աստուծոյ հայրութեան ինչպէս նաեւ յիշեցում այն իրողութեան որ բոլորս Աստուծոյ զաւակներն ու եղբայներն ենք:
Յորդորեց նուիրուածութեամբ շարունակել իրենց առաքելութիւնի հետեւելով իրենց նախնիներուն բարի օրինակին:

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց թէ 2020 թուականին, ծովային առաքելութիւնը պիտի նշէ իր հիմնադրութեան յոբելենական առաջին հարիւր ամեակը, զոր պիտի նշուի Սքովտիոյ Կլասքով քաղաքին մէջ գումարուելիք համաշխարհային 25 համագումարին ընթացքին, այն քաղաքը ուր ծնունդ առաւ եկեղեցւոյ սոյն առաքելութիւնը եկեղեցպաններուն եւ բազմաթիւ մարդոց սիրտերուն եւ աշխարականներուն ներքեւ, դիտել տալով որ Պիոս ԺԱ Պապի մաղթանքն է որ այդ ծովու առաքելութիւն տարածուի աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն մէջ:
Ան ապա հայցելով Ծովու Տիրամօր բարեխօսութիւնը, Սուրբ Հոգիէն խնդրեց, որ մատրանապետներուն մէջ վերանորոգէ հովուական ծառայութեան հոգին:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը խնդրելով ծովու առաքելութեան մատենապետներէն, որ ողորմած ըլլան ծովայիններուն հետ ապա շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնները խնդրեց՛ որ աղօթեն իրեն համար: 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2019, 13:38