Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սլովենիոյ վարչապետը Տիար Մարիան Սարեչ

Վարչապետը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 27 յունիսին, Վատիկանի Առաքելական Պալատին իր գրասենակին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սլովենիոյ հանրապետութեան վարչապետ Տիար Մարժան Սարեչը: Վարչապետը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փարոլինին հետ, ներկայութեամբ այլ պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու բաժանմունքի քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին: Այս մասին հաղորդեց սուրբ Աթոռին մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով մէկ հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշուած է նաեւ որ սիրալիր մթնոլորտին մէջ կայացած վերոյիշեալ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկումի նիւթ եղան երկու պետութիւններուն միջեւ գոյացուած բարի յարաբերութիւնները մաղթելով որ երկու կողմերը հետաքրքրող կարգ մը նիւթերու շուրջ համաձայնագիրերու ստորագրութեամբ այդ յարաբերութիւնները առ աւելի ամրապնդուին:

Հանդիպումի ընթացին կարեւորուած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ դրական ներդրումը երկրի կեանքին ի նպաստ, յատկապէս կրթական մակարդակի վրայ , յոյս յայտնելով , որ այդ ծիրէն երկու կողմերու միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդուի՝ Պաշտօնական համապատասխան նախաձեռնութիւններու միջոցաւ:

Ի վերջոյ շօշափուած են միջազգային կարգ մը նիւթեր, յատուկէն Եւրոպայի եւ տարածաշրջանի ապագայի եւ ժամանակից մարտահրաւէրներուն հայող նիւթեր:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2019, 14:15