Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Հաղորդութիւնը հակաթոյնն է անտարբերութեան, ամբարտաւանութեան:

Հացերու բազմապատկումի հրաշքը կախարդական արարք մը չէ այլ Աստուծոյ ու Անոր նախախնամութեան հանդէպ վստահութիւն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի 23 յունիսին, Յիսուսի Սուրբ Արեան եւ Մարմնի տօնին առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Քազալ Պերթոնէ շրջանի S. Maria Consolatrice ժողովրդապետութենէն ներս:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ ներկայացուցած քարոզին սկիզբը Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Աստուծոյ խօսքը մեզի բոլորս կ՝օգնէ բացայայտելու երկու պարզ բառեր, որոնք էական կը նկատուին ամենօրեայ կեանքէն ներս «ըսել» եւ « տալ»:

Ըսել: Այս առնչութեամբ Սրբազանը Հայրը մէջբերելով Ծննդոց գիրքէն հատուած մը,  ուր Մելքիսեդեկ կ՝օրհնէ Աբրամը ըսելով «Օրհնեալ ըլլայ Աբրամ երկինքի ու երկրի Տէրը եղող Բարձրեալ Աստուծմէ (Ծննդ 14 19-20) ընդգծեց, որ Մելքիսեդեկի համար« ըսել» կը նշանակէ օրհնել: Մելքիսեդեկ օրհնեց Աբրամը, որուն միջոցաւ օրհնուեցան երկրի բոլոր ընտանիքները:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նկատել տուաւ, որ նոյնպէս կը պատահի նաեւ Աւետարանին մէջ: Յիսուս աչքերը դէպի վեր բարձրացնելով օրհնեց հինգ հացերը ապա խնդրեց աշակերտներէն,  որ բաշխեն զանոնք ժողովուրդին: Յիսուսի օրհնութեամբ, հացերը սնունդ դարձաւ բազմաթիւ մարդոց: ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ օրհնել կը նշանակէ բարիք ընել, կը նշանակէ խօսքը վերածել պարգեւի, նկատի տալով, որ երբ կ՝օրհնենք, մեզի համար բարիք մը չէ որ կը կատարենք՝ այլ ուրիշներուն համար:

Սրբազան Հայրը ընդգծեց, որ հոգեւոր հովիւներուն համար նաեւ կարեւոր է օրհնել Աստուծոյ ժողովուրդը: Յորդորեց քահանաները որ երբեք չվախնան Աստուծոյ ժողովուրդը օրհնելէ ընդգծելով,, որ լոկ օրհնութեան շնորհքով պիտի կարենանք ուրիշները օրհնել՝ միեւնոյն սիրոյ իւղով:

Երկրորդ «տալ»: Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, թէ Աբրամ Մելքիսեդեկի օրհնութիւնը ստանալէ ետք, իր ամենէն տասանորդի տուաւ Անոր : (Ծնն 14, 20): Յիսուս նաեւ հացերը օրհնելէ ետք, խնդրեց աշակերտներէն որ բաշխեն զանոնք ժողովուրդին: Այս ժեսթով Յիսուս բացայայտեց նաեւ ամենէն գեղեցիկ իմաստը ,  այն է թէ հացը սպառումի լոկ նիւթ մը չէ,  այլ միջոց՝ կիսելու եւ բաժնելու: Յիսուս աղօթեց, օրհնեց այդ հինգ հացերը եւ բեկանեց զանոնք վստահելով իր Հօր: Հացերուն բազմապատկումի հրաշքը կախարդական արարք մը չէ այլ Աստուծոյ ու Անոր նախախնամութեան հանդէպ վստահութիւն: 

Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, Աւետարանի տնտեսականութիւնը կը բազմապատկուի կիսելով,  կը հարստանայ բաշխելով:
Տէրը մեծ բաներ կը գործէ մեր ունեցած քիչ բաներով,  ինչպէս է պարագան հինգ հացերուն: Յիսուս չ՝օգտագործեց կախարդական գաւազանը, այլ հեզութեամբ գործեց: Աստուած կը գործէ հեզութեամբ ու սիրով: Սէրն է, որ փոքրիկ բաներու միջոցաւ մեծ բաներ կը գործէ: Ասոր մասին սուրբ Հաղորդութիւնն է որ մեզի դաս կու տայ: Աստուած որ փակուած է կտոր մը հացին ներքեւ: Պարզ եւ էական: Բեկանուած եւ կիսուած հաց. Սուրբ Հաղորդութիւն զոր կը ստանանք՝ մեզի կը փոխանցէ Աստուծոյ մտայնութիւնը:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր քարոզը նկատել տալով, որ մեր սիրոյ եւ հոգածութեան կարիք ունեցող քաղաքներուն մէջ,  քաղաքներ որոնք կը տառապին անկումի հետեւանքով եւ կը գտնուին լքուած վիճակի մէջ ,  քաղաքներ որուն մէջ մենակութեան մատնուած ընտանիքներուն եւ երիտասարդներուն դիմաց,  Տէրը մեզ կը հրաւիրէ անոնց  օգնելու  եւ կերկակուր տալու:

Տիրոջ այդ հրաւէրին պէտք չէ որ ընդառաջենք ըսելով որ« քիչ բան ունիմ եւ կարող չեմ բան մը տալու»: Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ որ մեր կեանքին մէջ մինակ չենք : Բոլորս ունինք Սուրբ Հաղորդութիւնը, ուղեւորութեան հացը, Յիսուսի հացը:
«Եթէ Յիսուսի Հացը սրտանց ընկալենք, այդ Հացը մեզի պիտի պագեւէ սիրոյ զօրութիւն եւ մենք մեզ սիրուած ու օրհնուած պիտի զգանք:» Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը: 
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2019, 12:15