Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «ROACO» 92-րդ լիագումար նիստի մասնակիցները։ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «ROACO» 92-րդ լիագումար նիստի մասնակիցները։  

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «ROACO»ի 92-րդ լիագումար նիստի մասնակիցները։

Նորին Սրբութիւնը ներկաներէն խնդրեց որ իրեն օգնեն մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթը ճանչցնելու բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց ու կիներուն։ Ան ապա իղձ յայտնեց այցելել Իրաքը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 10 Յունիս 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ընդունեց «Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութիւն մատուցող  հաստատութիւններու համախմբումի» (R.O.A.C.O.)-ի 92-րդ լիագումար նիստի մասնակիցները։

Ունկնդրէ լուրը

Անոնց ուղղած իր խօսին մէջ Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ ժողովի այս օրերու ընթացքին զեկուցողներու ելոյթները աւելիով պիտի օգնեն անսալու այն բազմաթիւ անձերու ձայնին «որոնցմէ այս վերջին տարիներուն խլուեցաւ յոյսը»։

«Տխրութեամբ կը յիշեմ Սուրիոյ ողբերգութիւնը ու սեւ ամպերը  որոնք տակաւին կը կուտակուին մի քանի տարածաշրջաններուն վրայ եւ ուր մարդկայնական տագնապի սրացումի վտանգը կայ»  յարեց Սրբազան Պապը, մատնանշելով այդ տագնապի հետեւանքներուն՝ կերակուրի, բժշկական խնամքի ու դաստիարակութեան պակաս, որբերու, վիրաւորներու եւ այրիներու ողբերգութիւն։

Նորին Սրբութիւնը յիշեց նաեւ Իրաքը, «որ իղձն ունիմ այցելել գալ տարի», ըսաւ Ան, մաղթելով որ երկիրը կարողանայ յառաջ նայիլ, ընկերութեան  բոլոր գործօններու խաղաղ ու բաժնեկցուած մասնակցութեամբ՝ կառուցելու համար հասարակաց բարիքը։ Քահանայապետը ակնարկեց հուսկ Ուքրանիային յոյս յայտնելով որ ան ալ գտնէ խաղաղութիւնը ինչպէս նաեւ Սուրբ Երկրին՝ մաղթելով որ այնտեղ եւս տեղական ու միջազգային դերակատարներու ջանքերով, իրականացուի խաղաղ համակեցութիւնը, այդ երկրի բոլոր բնակիչներուն միջեւ։

Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց գաղթականներուն, որոնք իրենց երկիներէն կը փախչին յոյսի փնտռտուքով ու «կ՛աղաղակեն, որովհետեւ չեն գիտեր որն է նաւահանգիստը որ զիրենք պիտի ընկալէ»։«Եւրոպայի մը մէջ որ իր նաւահանգիստները լայն կը բանայ  զինամթերք փոխադրող նաւերու դիմաց, որոնք կարող են աւերներ սերմանել ամենուրէք եւ որոնք չեն խնայեր ոչ իսկ մանուկները» ըսաւ Սրաբազան Պապը։ 

Ան ապա լացի ու ողբի կողքին մատնանշեց յոյսի ու մխիթարութեան ձայներուն, որոնք արձագանգներ են այն բարեսիրական գործունէութիւններուն,  «որոնք կարելի դարձած են ձեզմէ իւրաքանչիւրի ու ձեր ներկայացուցած կազմակերպութիւններու շնորհիւ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ «անոնք կը ներկայացնեն Եկեղեցւոյ դիմագիծը, զայն դարձնելով կենդանի, յատկապէս նոր սերունդներուն  յոյս ներշնչելով»։

«Երիտասարդները իրաւունք ունին անսալու Քրիստոսի հրապուրիչ խօսքին ու երբ հանդիպին հաւատալի վկայի մը անոնք վախ չունին անոր հետեւելու ու իրենց կեանքի կոչումի մասին հարցումներ ուղղելու» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, ակնարկելով  երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսական վերջին սիւնհոդոսին ու ներկաներէն խնդրելով որ շարունակեն իրենց այդ յանձնառումը՝ «որպէսզի Երկիրներուն մէջ աճի մարդկայնութիւնը ու երիտասարդները ազատ ըլլան գաղափարական գաղութատիրութիւններէն, ունենալով բաց միտք ու սիրտ մը, արժեւորելով իրենց ազգային արմատները ու բաղձալով խաղաղութեան ու բարօրութեան ապագայ մը, որմէ ոչ մէկը բացառուած մնայ»։

Խօսքին աւարտին Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով Ալ Ազհար Ւմամի հետ Ապու Տապիի մէջ ստորագրած մարդկային եղբայրութեան հայող փաստաթուղթին ներկաներէն խնդրեց որ իրեն օգնեն  այդ փաստաթուղթը ճանչցնելու բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց ու կիներուն։ Յանձնառու ըլլանք բոլորս այդ ուղղութեամբ յատկապէս կազմաւորումի ասպարէզներէն  ներս, «որոնք համակեցութեան իսկական աշխատանոցներ են ու մարդկայնութեան մարզասրահներ» ըսաւ Ֆարնչսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն իրենց աշխատանքին համար, անոնց վստահեցնելով  իր աղօթքները ու խնդերլով որ շարունակեն  աղօթել իրեն համար

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2019, 11:47