Համաշխարհային  Բ պատերազմի զոհերուն շիրիմները Համաշխարհային Բ պատերազմի զոհերուն շիրիմները  

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Խթանել իսկական տիեզերական եղբայրութիւն»:

Երախտագիտութեամբ կը յիշեմ բոլոր զինուորները՝ ժամանած տարբեր երկիրներէն նաեւ ֆրանսայէն եւ որոնք քաջութիւնը ունեցան յանձնառու ըլլալու ազատութեան եւ խաղաղութեան կեանք տալուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 6 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորական գիր յղեց Ֆրանսայի Պայէ-Լիզիէ թեմի եպիսկոպոսին, 6 յունիս 1944-ին դաշնակից ուժերու  Նորմատատիի ափ հասնելու 75 ամեակի առթիւ:

Ունկնդրէ լուրը

Շնորհաւորական գիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ գրած է «Գիտենք որ 6 յունիս 1944-ին, դաշնակից ուժերուն Նորմատիի ափ հասնիլը վճռակամ եղաւ Նացիներուն բարբարոսական պայքարին դէմ, որ հարթեց նոր ճանապարհ՝ վերջ տալու պատերազմի մը , որ խոցեց խորապէս եւրոպան եւ աշխարհը:

Ասոր համար երախտագիտութեամբ կը յիշեմ բոլոր զինուորները՝ ժամանած տարբեր երկիրներէն նաեւ ֆրանսայէն եւ որոնք քաջութիւնը ունեցան յանձնառու ըլլալու ազատութեան եւ խաղաղութեան կեանք տալուն:

Այս բոլորը Տիրոջ անհուն սիրոյ ողորմածութեան կը յանձնեմ, ինչպէս նաեւ այդ պատերազմին միլիոնաւոր զոհերը, առանց մոռնալու բոլոր անոնց որոնք Գերմանիոյ կողմէ հնազանդութեամբ պայքարեցան համակարգի մը դէմ, որ ոգեւորուած է մարդասպան գաղափարապաշտութենէն:»  

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մաղթեց, որ «դաշնակից երկիրներու Նորմատիի ափ հասնելու յիշատակի ոգեկոչումը հրաւէր ըլլայ Եւրոպայի եւ բոլոր դաւանանքներու քրիստոնեաներուն հաւատացեալներուն, կրօններու եւ բարի կամք ունեցող մարդոց խթանելու իսկական տիեզերական եղբայրութիւն , սատարելով հանդիպումի եւ երկխօսութեան մշակոյթին, ուշադիր ըլլալով՝ մանուկներուն եւ աղքատներուն:»

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա «յոյս յայտնած է նաեւ որ այդ ոգեկոչումը թոյլ տայ բոլոր սերունդներուն՝ Եւրոպայի եւ աշխարհի մէջ ուժգնութեամբ վերահաստատելու թէ խաղաղութիւնը կը հիմնուի իւրաքանչիւր անձին յարգանքին վրայ, անկախ անոր պատմութենէն, կը հիմնուի հասարակաց բարիքի վրայ ինչպէս նաեւ արարչագործութեան, որ յանձնուած է մեզի եւ անցեալին սերունդներէն ժառանգուած բարոյական հարստութեան վրայ:» 
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2019, 09:01