Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

15 Յունիսին Քահանայապետը կը գլխաւորէ Արժանթինի մօտ պապական նուիրակ՝ գերապայծառ Պատիքեպելէի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։

Գերապայծառ Լէոն Քալենկա Պատիքեպելէ ծնած էր Քոնկոյի մէջ 17 Յուլիս 1956-ին։ Մահկանացուն կնքեց 12 Յունիս 2019-ին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 15 Յունիսի առաւօտեան ժամը 7.30-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մէջ պիտի գլխաւորէ՝ Գերապայծառ Լէոն Քալենկա Պատիքեպելէի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Գերապայծառ Պաթիկեպելէն կը վարէր Արժանթինի մօտ Պապական Նուիրակի պաշտօնը ու անակնկալ հիւանդութեան մը պատճառաւ իր մահկանացուն կնքեց 12 Յունիսին։

Վերոնշեալ արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Քահանայապետական ներկայացուցիչները  որոնք այս օրերուն Վատիկանի մէջ  մասնակցեցան Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ գումարուած մէկ ժողովին,  որուն առթիւ շաբաթ 15 Յունիսին  նախատեսուած էր Սուրբ պատարագ՝ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, սակայն հանգուցեալ գերապայծառ  Պաթիկեպելէի վաղահաս մահուան բերումով Սուրբ Զոհի արարողութեան վայրը փոխադրուեցաւ Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքա։

Գերապայծառ Լէոն Քալենկա Պատիքեպելէ ծնած էր Քոնկոյի մէջ 17 Յուլիս 1956-ին։ Քահանայ ձեռնադրուած՝ 1982-ին եւ Եպիսկոպոսական օծումը ընդունած 2008 թուականին

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2019, 10:27