Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Պուլկարիոյ կաթողիկէ հասարակութեան հետ:

Եկեղեցւոյ պատմութեան գիրքին ամէն գեղեցիկ էջերը գրուած է երբ՝ Աստուծոյ ժողովուրդը ստեղծագործական հոգիով ուղեւորութեան մէջ մտաւ, Աստուծոյ Սէրը թարգմանելու՝ պատմութեան բոլոր պահերուն, դիմագրաւելով ամէն մարտահրաւէր:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 6 մայիսին, ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Պուլկարիոյ Ռաքովսքի քաղաքի կաթողիկէ հասարակութեան հետ, Սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետ անուան եկեղեցիէն ներս:
Հանդիպումին ընթացքին հաւատացեալներուն փոխանցած պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց հաւատքի աչքերով դիտելու վրայ եւ Աստուծոյ մարդը ըլլալու մասին:

Ան յիշելով Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապը, որ Պուլկարիոյ մէջ երկար ժամանակուան համար եղած է aռաքելական պատուիրակ, ըսաւ
«Բարի Պապին համար անհրաժեշտ էր վստահիլ Աստուծոյ նախախնամութեան , որ մեզի կ՝ընկերանայ մեր ձախորդութիւններուն մէջ , եւ կարող է իրականացնել անսպասելի եւ գերադաս ծրագիրներ:Աստուծոյ մարդիկը անոնք են, որոնք Յարութեան զօրութենէն՝ առաջնորդուիլ, տեսնել, վստահիլ ու բացայայտել կը սորվին: Աստուծոյ այր մարդիկ ու կիներ անոնք են, որոնք քաջութիւնը ունին առաջին քայլը կատարելու ու կը վկայեն թէ սէրը մեռած չէ: Սէրը ամէն խոչընդոտ կը յաղթահարէ: ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ

Ան ապա անդրադարձաւ այսօր՝ առաւօտեան գաղթականներուն հետ ունեցած հանդիպումին, ըսելով այդ Գարիթասի գաղթականներուն կեդրոնին մէջ շատ մը քրիստոնեաներ սորվեցան Տիրոջ միեւնոյն աչքերով դիտել, աչքեր որոնք չեն կեդրոնանար ածականներուն վրայ այլ կը փորձեն եւ կը սպասեն իւրաքանչիւր անհատ՝ Հօր աչքերով:

Հաւատքի աչքերով դիտել,  հրաւէր է կեանքը չ՝անցնելու պիտակաւորումներ կատարելով եւ կամ դասակարգելով ով սիրոյ արժանի է եւ ով ոչ: կը նշանակէ պայմաններ ստեղծել,  ուր անհատը ինքզինք սիրուած  զգայ, յատկապէս այն անձերը,  որոնք իրենք զիրենք մոռցուած կը զգան Աստուծմէ, որովհետեւ մոռցուած են իրենց եղբայրներէն:

«Աստուծոյ հայեացքը ունենալու համար կարիքը ունինք ուրիշներուն, կարիքը ունինք , որ ուրիշները մեզի սորվեցնեն նայելու եւ զգալու այնպէս ինչպէս Յիսուս կը նայի ու կը զգայ» ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ, ապա ակնարկեց գաղթականներուն կեդրոնին մէջ փոքրիկ մանուկի մը տուած վկայութեան, ըստ որուն ժողովրդապետութիւնը,  մանուկներուն համար երկրորդ տուն մըն է, այն վայրը ուր հասարակաց աղօթքի միջոցաւ՝  անոնք յառաջ երթալու ուժը կը գտնեն:

Ժողովրդապետութիւնը այս ձեւով կը վերածուի բնակարաններուն միջեւ բնակարանի մը,  կարող Տէրը ներկայ դարձնելու , հոն ուր իւրաքանչիւր անհատ ու ընտանիք կը փորձէ իր օրուան հացը ճարել:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ բարի հովիւին, բարի քահանաներուն մասին: « Աստուծոյ ժողովուրդը իր հովիւին շնորհակալութիւն կը յայտնէ,  իսկ հովիւը կը ճանչնայ եւ կը սորվի բարի հաւատացեալ ըլլալ, իր ժողովուրդին ու իր ընտանիքին օգնութեամբ: Քահանան առանց իր ժողովուրդին կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը եւ ժողովուրդ  առանց իր հովիւներուն կրնայ քայքայուիլ:  Այս հեռանկարներով կը սորվինք եկեղեցի-ընտանիք-հասարակութիւն մը դառնալ , որ գիտէ անսալ, ընկերանալ, մտահոգուիլ՝ ուրիշներուն համար , յայտնելով իր մայրական դիմագիծը:

Նորին Սրբութիւնը ապա Պուլկարիոյ կաթողիկէ հասարակութեան փոքրիկ պարտականութիւն յանձնելով ըսաւ. «Դուք մեծ վկաներուն հաւատքի զաւակներն էք, որոնք իրենց կեանքով վկայեցին Տիրոջ սէրը, այս երկրին մէջ: Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս եղբայրները՝ մեծ երազներով սուրբ մարդիկը, համոզուած էին որ Աստուծոյ հետ հարազատօրէն խօսելու համար պէտք է իրենց լեզուով խօսիլ: Եւ ասոր պատճառաւ անոնք քաջութիւնը ունեցան Սուրբ Գիրքը թարգմանելու,  որպէսզի ոչ ոք զերծ մնայ կեանք տուող Խօսքէն»:

Սրբազան Հայրը հուսկ խօսքը ուղղելով ընտանիքներուն քաջալերեց զանոնք ապրիլ համերաշխութեան մէջ, ու հրաւիրեց ամէն երեկոյ քնանալէ առաջ հաշտուիլ, հակառակ կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց ներկաներէն, որ հովուական ծառայութեան միջոցներով հասնին այն կառոյցներուն, որոնց մէջ երիտասարդները յաճախ պատասխան չեն գտներ իրենց ապրած անձկութիւններուն: Հասնիլ երիտասարդներու սիրտերուն, ճանչնալ անոնց սպասումները, քաջալերել անոնց երազները՝ իբրեւ հասարակութիւն, ընտանիք, որ կը զօրակցի եւ  կը հրաւիրէ՝ ապագային յոյսով սեւեռելու:

Մի յոգնիք եկեղեցի մը ըլլալէ, որ կը շարունակէ հակասութիւններուն , վիշտերուն, աղքատութեան ներքեւ զաւակներ ծնիլ,  որոնց պէտք ունի այս երկիրը 21 դարուն սկիզբը,  ականջալուր ըլլալով Աւետարանին ու ուրիշին եւ ձեր ժողովուրդին սրտին:

«Շնորհակալ եմ այս հանդիպումին համար, եւ մտաբերելով Յովհաննէս ԻԳ Պապը, պիտի ուզէի, որ օրհնութիւնս զոր պիտի փոխանցեմ ձեզի, Տիրոջ շոյանքը ըլլայ ձեզի իւրաքանչիւրիդ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2019, 15:00