Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Կաթողիկէ ընկերակցութեան առողջապահական գործիչները:

Հիւանդը թիւ մը չէ, այլ անհատ մը , որուն մարդկային արժանապատուութիւնը պէտք է յարգուի:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճէն ներս, ուրբաթ, 17 մայիսին, ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Աքոս» Կաթողիկէ ընկերակցութեան աւելի քան 400 առողջապահական գործիչներ, ընկերակցութեան հիմնադրութեան 40 ամեակի առթիւ:

Ունկնդրէ լուրը

Ողջունելով ներկաները Ֆրանչիսկոս Պապ բարձր գնհատեց առողջապահական գործիչներուն նպատակը, որ է խթանել մարդկային կեանքը՝ հոգ տանելով անպաշտպան, կարիքաւոր անձերուն, ինչպէս նաեւ հիւանդներուն եւ տարեցներուն :

Ան ապա ընկերակցութեան հիմնադրութեան 40 ամեակը տարեդարձը  մղիչ ուժ նկատելով շնորհակալութիւն յայտնեց  Տիրոջ՝ Կաթողիկէ ընկերակցութեան ,առողջապահական գործիչներուն շնորհած բոլոր պարգեւներուն ու բարիքներուն համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդադարձաւ վերջին տասնեակ տարիներուն առողջապահական եւ խնամակալական մարզէն ներս արձանագրուած յառաջդիմութիւններուն, որոնց  կողքին փոխուած է նաեւ հիւանդի հետ յարաբերութիւները:  Ան նկատել տուաւ,  որ   արհեստավարժական նոր թեքնիքները , որոնք բացին նոր եւ անսպասելի ուղիներ, միաժամանակ յարուցանեցին բարոյական բնոյթ ունեցող հարցեր:

Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ մարդ էակի հանդէպ կիրարկուած որեւէ առողջապահական միջոցառումէ նախ քան առաջ   պէտք է զգուշութեամբ գնահատել եթէ այդ միջոցառումը իսկապէս կը յարգէ մարդու կեանքն ու մարդկային արժանապատուութիւնը:

Ան ապա խօսքը կեդրոնացուց Քրիստոսի մարդկայնականութեան վրայ նկատելով տալով որ  Քրիստոսի մարդկայնականութիւնը անսպառելի գանձ ու մեծ դպրոց մըն է որմէ կը շարունակենք դաս քաղել : Քրիստոս իր ժեսթերով եւ խօսքերով մեզի զգացնել տուաւ Աստուծոյ շփումն ու ձայնը, եւ մեզի սորվեցուց թէ, անհատը թիւ մը չէ այլ անկրկնելի եւ իւրայատուկ անձ մըն է :Առողջապահական համակարգի աստիճանաբար արձանագրած յաջողութիւններուն զուգահեռ, Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց հիւանդներուն հետ վերաբերիլ իբր անձ եւ ոչ իբր թիւ: 

Ան ընդգծեց թէ ամոքումի գործընթացը կախեալ չէ միայն մարմինէն այլեւ հոգիէն: Հիւանդին հետ պէտք չէ վերաբերիլ իբր գործիք: Անձերը իրար միջեւ հաւասար են եւ անոնք պէտք են հասկցուած եւ խնամուած ըլլան, մէկիկ մէկիկ ըսաւ  ֆրանչիսկոս Պապ  
ապա յորդորեց որ   առողջապահական գործիչները իրենք եւս թիւի չվերածուին՝ սպառուած աշխատանքի ծանր եւ շտապ օրակարգէն:

Նորին Սրբութիւն  շեշտեց առողջապահական գործիչներուն կազմաւորման կարեւորութիւնը, հրաւիրելով կաթողիկէ ընկերակցութիւնը միշտ հետապնդելու կազմաւորումին նպատակին, յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերելով հոգեւորականութեան, որպէսզի բացայայտուի եւ արժէքաւորուի անձի հիմնական ծաւալը, որ մեր ժամանակներուն միշտ անտեսուած է եւ շատ կարեւոր է յատկապէս հիւանդներուն ու անոնց մօտ գտնուող տառապողին:

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց  առողջապական գործիչները որ միշտ հաւատարիմ գտնուին աղօթքին եւ սնանին Աստուծոյ խօսքէն ու ներշնչուին անթիւ սուրբերէն, որոնք գորովով եւ անշահախնդրութեամբ ծառայեցին հիւանդներուն յատուկէն լքուածներուն:

Նորին Սրբութիւնը ապահովուելով իր աղօթքը ներկաներուն, զանոնք Տիրամօր Անարատ Յղութեան սիրտին յանձնեց, ապա շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2019, 12:17