Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Հիւսիսային Մակեդոնիա Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Հիւսիսային Մակեդոնիա  

Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտեց Պուլկարիայի այցելութիւնը ու փոխադրուեցաւ Հիւսիսային Մակեդոնիա։

Ֆրանչիսկոս Պապ առաջին Քահանայապետն է որ կ՛այցելէ Հիւսիսային Մակեդոնիան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 7 մայիս 2019-ի առաւօտեան, տեղական ժամով 7.50 անց (Հռոմի ժամով 6.50) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առաւ Սոֆիայի առաքելական պալատէն ու փոխադրուեցաւ Սոֆիայի միջազգային օդակայան, ուր Պուլկարիոյ Վարչապետի ներկայութեամբ կայացած հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան աւարտին օդանաւ բարձրացաւ եւ ուղղուեցաւ քահանայապետական 29-րդ միջազգային ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուանը հանդիսացող՝ Հիւսիսային Մակեդոնիայի մայրաքաղաք՝ Սքոփիէ, ուր ժամանեց 55 վայրկեան տեւող թռիչքէ մը ետք։

Պուլկարիայէն մեկնումի պահուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը հեռագիր մը յղեց Պուլկարիայի նախագահին որուն մէջ դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն վերապահուած ջերմ ընդունելութեան համար եւ աղօթքները ապահովեցնելով բոլորին, Պուլկարիայի վրայ հայցեց Աստուածային օրհնութիւններ։

Ֆրանչիսկոս Պապ առաջին Քահանայապետն է որ կ՛այցելէ  Հիւսիսային Մակեդոնիան։ Սքոփիէի օդակայան ժամանելուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Հիւսիսային Մակեդոնիայի նախագահ՝ Տիար Ժորժ Իվանովի կողմէ ու տեղի ունեցաւ պաշտօնական հիւրընկալութեան արարողակարգ, որմէ ետք Քահանայապետն ու անոր ընկերացող շքախումբը ուղղուեցան Հիւսիսային Մակեդոնիայի նախագահական պալատ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2019, 08:13