Գիւղատնտեսութիւն Գիւղատնտեսութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապին ՖԱՕ-ին յղած պատգամը՝ ՄԱԿ-ի «Ընտանեկան գիւղատնտեսութիւն» տասնամեայ ծրագրի մեկնարկի առթիւ։

Քահանայապետը հրաւէր կ՛ուղղէ այս առիթը օգտագործել արմատախիլ ընելու անօթութիւնը եւ աւելի գիտակից դարձնել ընկերութիւնը եղբայրներու եւ քոյրերու պահանջներուն։

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

Չորեքշաբթի 29 Մայիս 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պատգամ մը յղեց ՖԱՕի ընդհանուր տնօրէն՝ Խօսէ Կրացիացնօ Տա Սիլվայի ՝ ՄԱԿ-ի «Ընտանեկան գիւղատնտեսութիւն» տասնամեայ ծրագրի մեկնարկին առթիւ, որուն մէջ Քահանայապետը հրաւէր կ՛ուղղէ այս առիթը օգտագործել  արմատախիլ ընելու անօթութիւնը եւ աւելի գիտակից դարձնել ընկերութիւնը եղբայրներու եւ քոյրերու  պահանջներուն։  

Պատգամին մէջ Քահանայապետը կը յիշեցնէ որ ընտանիքը կազմուած է յարաբերութիւններու ցանցէ մը ու թէ ան կայուն գիւղատնտեսութեան համար վարուելակերպի տիպար է, որ դրական հետեւանքներ ունի ոչ միայն գիւղատնտեսական ասպարէզէն ներս, այլ համայն մարդկութեան ու բնութեան պահպանումին ուղիով։

Ընտանիքին մէջ է որ ի գործ կը դրուի իրար օգնութեան սկզբունքը՝ որ է յարաբերութիւնները դասաւորող գործիք եւ ասոր համար ընտանիքը կարող է համագործակցիլ հանրային իշխանութիւններուն հետ գիւղական տարածքներու զարգացումին համար առանց սակայն անտեսելու հասարակաց բարիքի նպատակը ու առաջնահերթութիւն տալով անոր որ աւելիով կարիքի մէջ է։

Այս ծիրէն ներս Սրբազան Քահանայապետը կը շեշտէ կիներու եւ երիտասարդներու դերակատարութեան կարեւորութիւնը ապա կոչ կ՛ուղղէ վերատեսելու «կրթական համակարգը», զայն աւելի յարմար դարձնելու նպատակով գիւղական մարզի պահանջներուն, ու երիտասարդները ընդելուզելով աշխատանքի շուկային մէջ։

Պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը յորդորէ ժողովուրդներուն տրամադրութեան տակ դնել  անօթութիւնը արմատախիլ ընելու համար բոլոր միջոցները ու այդ ընել միացնելով բոլոր ուժերը ու արագ կերպով աշխատելով, նկատի ունենալով մարդկային հիմնական իրաւունքը ու կայունութեան ի նպաստ միջ սերնդային զօրակցութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2019, 14:22