Պուլկարիա ճամբորդութեան նախօրեակին Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը։

Ձեզմէ կը խնդրեմ որ բարեհաճիք ինծի ընկերանալ ձեր աղօթքներով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 5 Մայիսին Պուլկարիա կատարելիք առաքելական այցելութեան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը յղեց Պուլկարացիներուն որուն մէջ ըսաւ.

Սիրելի Պուլկարացի եղբայրներ եւ քոյրեր, Աստուծոյ կամքով, մի քանի օրէն ձեր միջեւ պիտի գտնուիմ։ Պուլկարիա գալ ինծի եւ իմ համագործակիցներուս համար, ուխտագնացութիւն մըն է՝ հաւատքի, միութեան եւ խաղաղութեան նշանաբանով։

Արդարեւ ձեր երկիրը հայրենիքն է հաւատքի վկաներու, սկսեալ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս սուրբերու օրերէն, որոնք այնտեղ սերմանեցին Աւետարանը։ Պտղաբեր սերմ մը, որ առատ պտուղներ պարգեւեց, նոյնիսկ անցեալ դարու դժուար շրջաններուն։

Այս մէկը կը կրկնէր յաճախ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, որ այդքան տքնեցաւ որպէսզի Եւրոպան վերագտնէր Քրիստոսի ազատագրող ուժը ու նաեւ որպէսզի կարողանար շնչել իր երկու թոքերով։ Անոր հետքերուն վրայ ուրախութիւնը պիտի ունենամ հանդիպելու Նորին Սրբութիւն Պատրիարքին ու Պուլկարիոյ Օրթոտոքս եկեղեցւոյ սիւնհոդոսին հետ։  Միասին պիտի յայտնենք կամքը՝ հետեւելու Տէր Յիսուսին,  բոլոր քրիստոնեաներու միջեւ եղբայրութեան հաղորդութեան ուղիին վրայ։

Սիրելիներ, իմ ուխտագնացութիւնս ամբողջութեամբ պիտի ըլլայ՝ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ յիշատակով, որ Սոֆիայի մէջ որպէս առաքելական պատուիրակ, գրեթէ տասը տարիներու ընթացքին, ձեր ժողովուրդին հետ ստեղծեց յարգանքի եւ սիրոյ կապ մը, որ կը տեւէ մինչեւ օրս ։

Ան եղաւ հաւատքի մարդ մը, հաղորդութեան ու խաղաղութեան մարդ։ Ասոր համար որպէս ճամբորդութեան բնաբան ընտրեցի անոր պատմական յորդորագիրին խորագիրը «“Pacem in terris - Mir na zemyata”։ Ձեզմէ կը խնդրեմ որ բարեհաճիք ինծի ընկերանալ ձեր աղօթքներով։ Շնորհակալութիւն։

Աստուած խաղաղութիւն եւ բարգաւաճութիւն շնորհէ Պուլկարիային։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2019, 12:00