Յոյս ի սպաս դրօշարշաւ Յոյս ի սպաս դրօշարշաւ 

«Յոյսի ի սպաս դրօշարշաւ-Ֆրանչիսկոս Պապի ուղղութեամբ» մրցումը հասաւ իր աւարտին:

4 տարեկան մանուկ մը ֆրանչիսկոս Պապին յանձնեց մրցումին դրօշակը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 24 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Պապին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տուած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ի մէջ այլոց «Յոյսի ի սպաս դրօշարշաւ- Ֆրանչիսկոս Պապի ուղղութեամբ» բարեգործական մրցումի, պատուիրակութեան մը մաս կազմող անդամներ:
Յիշեալ մրցումը նուիրուած է հազուագիւտ եւ քաղցկեղի հիւանդութիւններէն տառապող մանուկներուն : 530 քմ հեռաւորութեամբ դրօշարշաւի մրցումը սկիզբ առաւ 21 ապրիլի 2019-ին-՝ Փատովա քաղաքէն եւ վերջ գտաւ Վատիկան քաղաքին մօտակայքը գտնուող Պիոս ժբ անուան հրապարակը:

Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, նշեալ մրցումի դրօշակը ֆրանչիսկոս Պապին յանձնեց քաղցկեղի հիւանդութենէ բուժուած 4 տարեկան մանուկ մը, որուն ընկերացած էին , «յոյսի քաղաք» հաստատութենէն, Իտալական ոստիկանութենէ եւ բանակէն մաս կազմող պատուիրակութեան մը անդամներ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2019, 10:00