Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Հայր Քանթալամեսսա «Աստուած պաշտելը՝ առանձնաշնորհութիւն, մարգարէութիւն ու կարիք է:

Պաշտամունքը միակ կրօնական արարքն է, որ ոչ մէկուն կարելի է շնորհել, ոչ իսկ Տիրամօր, այլ լոկ Աստուծոյ :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 5 ապրիլին, Վատիկանի Ռետմթորիս մատրան մէջ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մասնակցութեամբ, քահանայապետական տան քարոզիչ, հայր Ռանիերօ Քանդալամեսսա, ներկայացուց քառասնորդաց շրջանի խորհրդածութիւններուն շարքին չորրորդ քարոզը, որուն նիւթը եղաւ «Աստուծոյ պաշտամունք ընծայել»:

Ունկնդրէ լուրը

Ան մեկնելով Սուրբ Գիրքէն նկատեց, թէ Սուրբ Գիրքին մէջ, կարգ մը պարագաներուն, նոյնիսկ հրեշտակներուն պաշտամունք կ՝ընծայուէին, մինչ նոր կատարականին մէջ գրուած է, Աստուծմէ եւ Աստուծոյ Որդին՝ Քրիստոսէն զատ, ոչ մէկը կարելի է պաշտել: «պիտի պաշտես միայն քու Աստուածդ ու միայն անոր պաշտամունք պիտի ընծայես »(Մաթ 4, 10) :

Հայր Քաննթալամեսա նշեց, թէ պաշտամունքը միակ կրօնական արարքն է, որ ոչ մէկուն կարելի է շնորհել, ոչ իսկ Տիրամօր, այլ լոկ Աստուծոյ :
Ան ապա անդրադառնալով պաշտամունքի իմաստին , յարեց թէ պաշտամունքը՝ լուռ մնալ է Աստուծոյ ներկայութեան ներքեւ: Պաշտել կը նշանակէ, թոյլ տալ, որ Աստուած, Աստուած ըլլայ, եւ Աստուծոյ՝ այո ըսել իբր Աստուած, եւ մենք մեզ ճանչնանք, իբր Աստուծոյ արարածներ: Պաշտամունքը կը պահանջէ, ծունկի գալ եւ լուռ մնալ: Աստուած պաշտել՝ առանձնաշնորհութիւն, մարգարէութիւն ու կարիք է:  ըսաւ Քահանայապետական տան քարոզիչը ընդգծելով, թէ Աստուած չէ, որ կարիքը ունի մարդոց երկրպագութեան, այլ մարդն է, որ կարիք կը զզայ Աստուած պաշտելու:
Հայր Քանթալամեսան, ապա անդրադարձաւ Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքի, նկատելով զայն աւետարանումի ամենէն արդիւնաբեր ձեւը:
Ան յարեց «խոկալով Յիսուսի մասին՝ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին մէջ, կ՝իրականցնենք այն մարգարէութիւնը, որ կատարուեցաւ, երբ Յիսուս խաչին վրայ մեռաւ- այս ամէնը կատարուեցաւ, որպէսզի իրականայ գրուածը, պիտի նային անոր զոր խոցեցին-:» (Յովհ 19, 37)
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/04/2019, 11:53