Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը Սան Ճուլիոյ ժողողվրդապետութեան Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը Սան Ճուլիոյ ժողողվրդապետութեան 

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝այցելէ Հռոմի Սան ճուլիօ ժողովրդապետութիւնը:

Ֆրանչիկոս Պապ կը շարունակէ այցելել Հռոմի ժողովրդապետութիւնները, հանդիպելով ժողովրդապետութեան հաւատացեալներուն, հիւանդներուն եւ տնանկ մարդոց հետ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 7 ապրիլին, յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝այցելէ Հռոմի Մոնթեվերտէ շրջանը գտնուող Սան Ճուլիոյ եկեղեցին, բացումը կատարելու համար, վերանորոգումի աշխատանքներուն աւարտին հասած, եկեղեցւոյ ծիսական դահլիճին :
Եկեղեցի ժամանումին նախատեսուած է որ ֆրանչիսկոս Պապին դիմաւորեն, Հռոմի թեմի տեղակալ եպիսկոպոսը, կարդինալ Անճելօ Տէ Տօնադիսի, Հռոմի թեմի արեւելեան շրջանի եպիսպոպոսի օգնականը՝ գերապայածառ Փալուլօ Սելվատաճի, Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Տարիօ Ֆրաթթինի ինչպէս նաեւ Սան Ճուլիօ եկեղեցին՝ Անարատ Յիղութիւն միաբանութեան հոգածութեան յանձնուած, միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր հայ Ռինալտօ Կուարիքոն:

Ունկնդրէ լուրը

Սան ճուլիոյ եկեղեցի այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի հանդիպի ժողովորդապետութեան հասարակութեան զանազան խաւերուն հետ: Նախ եւ առաջ պիտի հանդիպի հիւանդներուն հետ, ապա վերջին երկու տարիներուն, եկեղեցւոյ մէջ, Յիսուսի Սուրբ Ծնունդի տօնակատարութեան առթիւ կենդանի մսուրը իրականացող խումբ մը հաւատացեալներուն հուսկ՝ նորապսակներուն հետ:
Նորին Սրութիւնը պիտի այցելէ նաեւ ժողովրդապետութեան Քարիթասի կեդրոնը, ուր պիտի հանդիպի կեդրոնի մէջ ցուրտէն պատսպարուելու համար հիւրընկալուած չորս անօճախ անհատներուն հետ::

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի հանդիպի նաեւ Հռոմ թեմի պաշտամունքի վայրերուն վերանորոգումի աշխատաքներուն ընկերութեան անդամներուն հետ, որոնք վերանորոգած են նաեւ Սան Ճուլիօ եկեղեցւոյ ծիսական դահլիճը:
Նախատեսուած է որ ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպի Կաթողիկէ վարդապետութեան, մկրտութեան- դրոշմի խորհուրդներուն նախապատրաստական դասընթացքներուն հետեւող աւելի քան 300 հաւատացեալներէ կազմուած խումբ մը հետ:
Սան Ճուլիօ եկեղեցւոյ քահանաներուն հետ հանդիպելէ ետք ֆրանչիսկոս Պապ կարգ մը հաւատացեալներուն պիտի մատակարարէ խոստովանքի խորհուրդը ապա այցելութիւնը պիտի աւարտէ Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2019, 11:33