Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը Փանմունժոմի հռչակագիրին առաջին տարեդարձին առթիւ:

Համաձայնութեան եւ համերաշխութեան որոնումը կրնայ յաղթահարել բաժանումն ու ընդդիմութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 27 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամով մը շնորհաւորեց, խաղաղութեան ի սպաս Փանմուժոմիhռչակագիրին առաջին տարեդարձը:

Պատկերասփռուած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.

Ունկնդրէ լուրը

«Ուրախ եմ իմ ջերմ ողջոյններս յայտնելու, Փանմուժոմի հռչակագիրին այս առաջին տարեդարձին առթիւ՝ խաղաղութեան , բարգաւաճման եւ Քորէայի թերակղզիին միութեան համար:
Թող այս տօնը բոլորին յոյս ներշնչէ , թէ իսկապէս կարելիէ է ապագայ մը մը կերտել հիմնուած՝ միութեան երկխօսութեան , եղբայրական զօրակցութեան վրայ:
Համբերատար եւ յարատեւողական ջանքերու միջոցաւ, համաձայնութեան եւ համերաշխութեան որոնումը, կրնայ յաղթահարել բաժանումն ու ընդդիմութիւնը:

Կ՝աղօթեմ, որպէսզի այս Փանմունժոմի հռչակագիրը խաղաղութեան նոր դարաշրջան մը պարգեւէ բոլոր Քորէացիներուն  եւ բոլորին համար Աստուածային օրհնութիւնները կը հայցեմ:»

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2019, 12:00