Սրբուհի Կատարինէ Սրբուհի Կատարինէ  (© MET)

Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց որ Սրբուհի Կատարինէի օգնութիւնը հայցենք, եկեղեցւոյ միութեան համար:

Այսօր կը նշուի Եւրոպայի պաշտպան սուրբ՝ Սիենայի Սրբուհի Քաթերինայի տօնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 29 ապրիլին,առաւօտեան, ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցեց Սուրբ Պատարագ:
Ան Պատարագի սկիզբը յիշեց օրուան Սուրբը, Եւրոպայի պաշտպան սուրբ՝ Սիենայի Սրբուհի Կատարինէն ըսելով. «Այսօր Սիենայի Սրբուհի Կատարինէի տօնն է, Իտալիոյ եւ Եւրոպայի պաշտպան սրբուհին: Սրբուհի Կատարինէն շատ աշխատեցաւ եկեղեցւոյ միութեան համար: Ան շատ աղօթեց ու գործեց»:  ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խնդրեց, որ աղօթենք Անոր,  որ օգնէ մեզի եկեղեցւոյ միութեան համար, Իտալիոյ համար, որ կ՝ապրի դժուար ժամանակաշրջան մը, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի միութեան համար»: յարեց Սրբազան Պապը։   

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2019, 11:22