Աքուիլա քաղաքէն առնուած լուսանկար Աքուիլա քաղաքէն առնուած լուսանկար 

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Աքուիլա քաղաքի բնակիչներուն:

2009-ին, 5-6 ապրիլ լուսցնող գիշեր, Աքուիլա քաղաքը հարուածող ուժգին երկրաշարժի մը հետեւանքով իրենց կեանքը կորսնցուցին աւելի քան 309 մարդիկ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Իտալիոյ Ապրուցօ մարզին, Աքուիլա քաղաքը հարուածող ուժգին երկրաշարժին 10-րդ ամեակին առթիւ, որ պատահեցաւ 6 ապրիլ 2009ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, 4 ապրիլ, 2019 թուակիր նամակով՝ յղած Աքուիլա թեմի արքեպիսկոպոսին, ողջունած է Աքուիլա քաղաքին բոլոր բնակիչները:

Ունկնդրէ լուրը

Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը  գրած է.

«Սիրելի Աքուիլացիներ: Այս օրերուն կը նշուի ձեր քաղաքն ու տարածաշրջանը քանդող երկրարարժին10-րդ ամեակը ՝ որ ահ ու քանդ սերմանեց: Կ՝աղօթեմ այս աղէտին բոլոր զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն համար:

Ձեզի կ՝ապահովուեմ, որ կը մասնակցիմ եւ կ՝ընկերանամ այն տքնաջան ուղեւորութեան, որ ձեզ յանձնառու կը  դարձնէ լաւ, արագ եւ բաժնեկից կերպով - վերակառուցելու հանրային եւ սեփական կառոյցները, ինչպէս նեաւ եկեղեցիներն ու համախմբող կառոյցները։
Յարուցեալ Տէրը, թող բոլորին եւ իւրաքանչիւրիդ պարգեւէ լոյսն ու զօրութիւնը, ձեր ընկերային եւ եկեղեցական հասարակութիւնը միշտ առ աւելիով համահունչ եւ ստեղծագործ դարձնելու համար, այսպէսով ձեզ դարձնելով վկաները, օրինական գործունէութեան, եղբայրական զօրակցութեան ու արդիւնաւէտ ներդաշնակութեան:»

ֆրանչիսկոս Պապ ողջոյնի գիրը աւարտած է հայցելով բոլորին համար Տիրամօր հովանին ու Անոր սիրալիր օրհնութիւնները: եւ ինչպէս միշտ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար :
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/04/2019, 12:39